Bright Student Awards and General Assembly 2023

November 27, 2023
Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄիութեան Ս. Չագըր Մշակութային Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տարեկան պարգեւատրումը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ գերազանց աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Ներկայ էին ՀԲԸՄի Գահիրէի Մասնաժողովի ատենապետն ու անդամները, որոնք վկայագրեր, նուէրներ եւ պարգեւներ յանձնեցին գերազանց աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Միութեան Գահիրէի ՄասնաճիւղԻ ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, գնահատեց վարչականներն ու մանաւանդ օժանդակ անդամները, որոնք ճիգ չեն խնայեր իրենց աշխատանքին մէջ:
Դոկտ. Սիմոնեան անդրադարձաւ նաեւ պարգեւատրուող ուսանողներէն մէկուն՝ Սեւակ Սագայեանին, որ Գահիրէի Էյն Շամս պետական համալսարանէն գերազանց աստիճանաւորումով վկայուեր է որպէս բժիշկ:

«Վաղուց է որ պետական համալսարանէն վկայեալներ չէինք ունեցած, եւ այն ալ՝ գերազանց աստիճանաւորումով» ըսաւ յարգելի ատենապետը: Իրապէս ալ թէ՛ Գահիրէի, թէ՛ Աղեքսանդրիոյ ուսանողները օտար համալսարաններ կը յաճախեն ընդհանրապէս:

Այս տարի պարգեւատրուեցան վեց աշակերտներ՝ երկուքը միջնակարգէն, իսկ չորսը՝ համալսարանաւարտներ:
Պատրաստական
Էրիքա Կարօ Գումրույեան (93.30 %)

Ժորժ Լորիս Քէօհնէլեան (91.43 %)

Համալսարանաւարտ
Լիլիթ Յակոբ Սայեան Շատ լաւ
Ռիթա Սիմոն Չամքէրթէնեան Գերազանց
Ռուբէն Կարպիս Ժամկոչեան Գերազանց

Սեւակ Կիրակոս Սագայեան Գերազանց

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղի տարեկան ժողովը, որուն ‎բացումը կատարեց ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան:‎ Փոխ ատենապետ տիար Մարտիկ Պալաեան հայերէնով ընթերցեց անցնող տարուան ‎հաշուեկշիռը, մանրամասնօրէն ներկայացնելով իւրաքանչիւր մարզէ ներս ‎Միութեանս ունեցած գործունէութիւնը:‎ Տիար Գրիգոր Աւանեան ներկայացուց տնտեսական եւ ելեւմտական հաշուեկշիռը, ‎պաստառի վրայ ներկայացնելով այդ բոլորին գծանկարչական տուեալները եւ ‎խօսելով գալիք տարուան տնտեսական հաշուեկշռին մասին:‎ Երեկոն վերջ գտաւ ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեանի փակման խօսքով:‎
READ MORE

AVC’s 10th Anniversary and certificates distribution

November 1, 2023
READ MORE

GLP and Discover Armenia Experience sharing

October 15, 2023
READ MORE

Խոր ցաւով կը գուժենք սիրելի գործակից եղբօր ԴՈԿՏՈՐ ԲՐՕֆ.ՊԵՐՃ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ վաղաժամ մահը

October 10, 2023
READ MORE

AGBU Egypt’s youths at Discover Armenia Summer 2023

August 27, 2023