Խոր ցաւով կը գուժենք սիրելի գործակից եղբօր ԴՈԿՏՈՐ ԲՐՕֆ.ՊԵՐՃ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ վաղաժամ մահը

October 10, 2023
Անհուն կսկիծով մեր սիրտերուն մէջ կը մխայ այս մեծ կորուստին ցաւը, սիրելի գործակից եղբօր ԴՈԿՏՈՐ ԲՐՕֆ.ՊԵՐՃ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ վաղաժամ մահը որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն անողոք հիւանդութեան պատճառաւ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքի հարազատները եւ Աղեքսանդրահայ ողջ գաղութը ։
Ծնած եւ մեցած էր ՄԱՆՍՈՒՐԱ , հեռու հայութեան միջավայրէ , բայց ժառանգաց եւ դաստիարակուած էր Ազգային անընկճելի ոգիով եւ շնորհիւ իր ծնողած ընկալած էր հայոց մայրենի լեզուն եւ պատմութեան , իսկ կրօնական դաստիարակութիւնը ստացած էր Ղպտի Ուղափառ եկեղեցի եւ կիրակնօրեայ վարժարան այցելելով ։ Ուսումնասէր Տքնաջան Աշխատանքէ եւ պայքարէ վէրջ ստացաւ Ֆրանսայի Համալսարանէն ԴՈԿՏՈՐ ( PROFESSOR ) բարձր աստիճանը , պատիւ բերելով իր Ընտանիքին եւ Ազգին ։
Իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ Ազգին եւ Եկեղեցիին, վարեց զանազան պաշտօններ մաս կազմեց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ, եւ ապա երկարամեայ նախկին Ատենապետ , Պատկարելի Թէմական ժողովի Անդամ եւ Այժմու Փոխ Ատենապետ , Հ.Բ.Ը.Մ.Աղեքսանդրիոյ Մասնաճիւղի Ատենապետ, եւ Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթ Հայ Մշակութային Միութեան Գանձապահ, Մանսուրայի Համալսարանի դասախօս ։
« Professor In The Department Of Mechanical Power Engineering » սիրուած եւ յարգուած մեծ համբաւի տիրացած անձաւորութիւն մըն էր համալսարանի Ղեկավարութեան եւ համալսարականերու կողմէ արժանանալով բոլորին գնահատանքին , ողբացեալը համակ բարիութեան, ազնուութեան, համեստութեան խոնարհութեան մարմնացում էր , իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ։
Թող Աստուած իր երկնային լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իր մաքրամաքուր հոգին եւ մխիթարէ իր ընտանիքի եւ համայնքի անդամներուն ։
ՅԻՇԱՏԱԿԸ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ ։
AGBU Cairo board members mourn the passing of Dr. Berdj Djebedjian, AGBU Alex Board Chairman.
Our sincere condolences to the family. May his soul rest in peace.
READ MORE

AGBU Egypt’s youths at Discover Armenia Summer 2023

August 27, 2023
READ MORE

The inspiring Kristina Pogossian visits YP Egypt

August 5, 2023
READ MORE

AGBU Egypt takes part in AGBU’s Global Leadership Program

July 20, 2023
READ MORE

Խոր ցաւով կը գուժենք անժամանակ մահը ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան անդամ Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանի

June 4, 2023