AGBU Egypt
ARMENIAN GENERAL BENEVOLENT UNION
Տղոց աւարտական մրցումը ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ ՀՄԸՄ Արարատի խումբերուն միջեւ աւարտեցաւ 75-55 արդիւնքով ի նպաստ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ տղոց որոնք ստացան Տէր եւ Տիկին Հայկ Ասատուրյանի նուիրած բաժակը։
Կիրակի 14 Օգոստոս 2022 աղջիկներու աւարտական մրցում Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ ՀՄԸՄ Կամքի միջեւ որ աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ աղջիկներուն 60-33 արդիւնքով ու ստացան բաժակը որ նուիրուած էր Տէր եւ Տիկին Հրայր Մարտիկյանի կողմէ։
Շաբաթ 13 Օգոստոս 2022ի մրցում:- Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ ՀՄԸՄ Արարատի աղջիկներու խումբերուն միջեւ էր որ աւարտեցաւ 49-31 արդիւնքով ի նպաստ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ աղջիկներուն։
Ուրբաթ 12 Օգոստոս 2022:- Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տղոց եւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ տղոց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 78-48 արդիւնքով ի նպաստ Գահիրէի խումբին։ ՀՄԸՄ Արարատի տղոց եւ Սրբուհի Թերեզայի տղոց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 66-54 արդիւնքով ի նպաստ Արարատի խումբին։
Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ ՀՄԸՄ Կամքի աղջիկներուն միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 37-55 արդիւնքով ի նպաստ Կամքի խումբին
Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ եւ ՀՄԸՄ Կամքի տղոց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 54-46 արդիւնքով ի նպաստ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ տղոց
Հինգշաբթի 11 Օգոստոսին սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Կամքի պասքէթ պոլի մրցաշարը որ նուիրուած է ակումբին հիմնադրութեան 110 ամեակին