Խոր ցաւով կը գուժենք անժամանակ մահը ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան անդամ Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանի

June 4, 2023
ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Գահիրէի Մասնաճիւղը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժեն ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան անձնուէր ` ընկերուհի Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանի տխուր եւ վաղաժամ մահը։
Անդարման է եգիպտահայ գաղութին ցաւը, կորուստը` անփոխարինելի։
Մեր սրտագին վշտակցութիւնը կը յայտնենք ննջեցեալին ամուսնոյն, քոյրերուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Կիրակի, 4 Յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք թաղումը` Հելիոպոլսոյ գերեզմանատան մէջ։
Ննջեցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Ուրբաթ, Յունիս 9-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7-10։
Խնկաբոյր աղօթքի, յաւերժ լոյսի եւ երկնային արքայութեան մէջ թող հանգչի զուլալ հոգիդ, սիրելի՜ Կասիա։
Բոլորիս սիրտերուն մէջ ես։
Երբեք պիտի չմոռնանք քեզ։
READ MORE

Ներկայացում Ճանիկ Հ. Չագըրի նամակներու հատորին

May 21, 2023
READ MORE

AGBU Cairo’s General Assembly 2023

February 16, 2023
READ MORE

Screening and Discussion of Dessil Mekhtigian’s “From the Work of the Devil”

January 21, 2023
READ MORE

Dziadzan’s Christmas Performance at Aydzemnig Elderly Home

January 13, 2023