Գիրքի 49-րդ ցուցահանդէսի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Կիրակի 4 Փետրուարի առաւօտեան խտացեալ դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Լաթիֆա Ալ Զայյաթ սրահէն ներս (ցուցահանդէսներու համալիր – արտ էլ մաարէտ), որուն մասնակցեցան տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան եւ դոկտ. Մոհամէտ Րիֆաաթ Էլ Իմամ, իսկ ասուլիսը կը վարէր լրագրող Ապտալլա Էլ Սաուի:
Ասուլիսը նուիրուած էր Եգիպտոսի մշակութային կեանքին մէջ եգիպտահայոց ունեցած տեղին եւ խաղացած դերին: