«ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԵԱՆ ՕՐ» ԳԱՀԻՐէԻ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ ՄէՋ

February 13, 2022

Դպրոցներու կիսամեայ արձակուրդը պատեհ առիթ մը նկատելով, Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութիւնը կազմակերպեց զուարճութեան երկու օրեր ակումբին փոքրիկներուն ու պատանիներուն համար, Ուրբաթ 11 եւ Շաբաթ 12 Փետրուար 2022-ին: Թէպէտ բուն ծրագիրը երեք օրերու վրայ երկարող բանակում մը պիտի ըլլար ակումբին մէջ, սակայն  Գորոնա Ժահրին կրկին սաստկացման պատճառով, խոհեմութիւն նկատուեցաւ վրաններու տակ գիշերելը զանց առնել:

ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութեան երիտասարդ անդամները, իրենց կողքին ունենալով տասնեակ մը օժանդակներ, կարողացան շատ յաջող ձեռնարկ մը գլուխ հանել:
Ուրբաթ օրը տրամադրուած էր 6-10 տարեկան 30 փոքրիկներու, որոնք կէսօրուան 12-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6,պատասխանատուներուն թելադրած օրէնքներուն եւ ցուցմունքներուն հետեւելով, զբաղեցան ձեռային աշխատանքներով եւ վազքի ու զանազան մարզական մրցումներով:

Ծնողներէն շատեր մնալով ակումբը, քաջալերուելով աշխոյժ մթնոլորտէն, իրենք ալ «պարան քաշելով» մրցեցան իրարու հետ, ի զարմանս փոքրիկներուն:Շաբաթ առաւօտէն սկսեալ եռուզեռ կար ակումբին մէջ, ուր պատասխանատուներէն ոմանք արեւածագէն շատ առաջ աշխատիլ սկսելով, պատրաստած էին օրուան խաղերը: Աւելի քան 40 պարման-պարմանուհիներ դիմաւորուեցան օժանդակներուն կողմէ, որոնք, ըստ յայտարարուած կանոնին, բջիջային հեռախօսներէն զրկեցին ու երկու խումբերու բաժնեցին զանոնք ՝ Առիւծներ եւ Գայլեր:

Մարզական մրցումներուն զուգահեռ,ընդհանուր զարգացումի մրցում մըն ալ կազմակերպուած էր: Շատ տեղեկատու եւ հետաքրքրական էր Գեղամ Կարսեանի դասախօսութիւնը վերամշակումի (Re-cycling) մասին: Ընթրիքէն ետք, երբ արդէն արեւը մարը մտած էր, տեղի ունեցաւ գանձարշաւը, ապա բանակումներու աւարտը նշող խարուկահանդէսը:

«Շատ ուրախ ժամանակ անցուցի եւ կը փափաքիմ որ աւելի յաճախ ըլլան այսբանակումները», ըսաւ ժպտուն Սէլինան: «Առանց բջիջային հեռախօսի կրցանք ամբողջ օր մը անցնել խաղալով, խօսելով, մրցումներու մասնակցելով, ուտելով…» ըսաւ Մարալիկը ուրախ-ուրախ:«Երանի թէ յաջորդ անգամ ամառը ըլլայ բանակումը, որպէսզի կարենանք քանի մը օր վրաններու տակ պառկիլ», ըսաւ Դալարը, «Գիշերը մութին շատ հե-
տաքրքրական էր գանձարշաւը», աւելցուց ան փայլփլուն աչքերով:

Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպողներուն:

READ MORE

ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ Գահիրէի և Աղեքսանդրիոյ նոր վարչութիւնները

December 1, 2021
READ MORE

Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ պասքէթ-պօլի խումբերու այցը Աղեքսանդրիա

September 20, 2021
READ MORE

Meeting on the resumption of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments

July 10, 2021
READ MORE

Meeting to amend the regulations of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments / Եգիպտահայ Պասքէթ-Պոլի համահայկական մրցաշարքերուն կանոնագրութեան քննարկում

June 27, 2021
akun game server filipinateknik mahjong ways 2ciri akun game gacor calon maxwinakun gacor princessakun gacor mahjong1913 mahjong cepat kaya1914 mahjong menang besar1915 mahjong spin sekali1916 mahjong kok jadi ginijalan menuju jackpot mahjong wins 3sensasi cuan ngalir mahjong winskemenangan terbukti jelas mahjong ways 2pola kemenangan rahasia mahjong ways 2kemenangan menantimu di mahjong ways dan mahjong wins 3jalan pintas menang spektakuler mahjong ways 3mesin cetak cuan mahjong winsgame seru cuan tumpah mahjong wins 3main mahjong wins black scatterkekuatan dadu mahjong ways 2main mahjong dompet makin beratcuan ngalir tanpa henti mahjong ways 2jackpot menggoda mahjong wayspanen cuan beruntun mahjong ways 2kisah fahmi trik sweet bonanza rutin kirim uang orang tuaformula pola spiral mahjong ways 2 perkalian x2000algoritma mahjong ways ramadan lebih stabil dan gacorheylink macauklubheylink asiaklubheylink hksbetheylink kapten76heylink mpoxoheylink garuda76garuda76asiaklubmacauklubrawit303amp rawit303ABC1131mpoxlABC1131 AMP