Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի օրը, «Զատկուայ Պազար» կազմակերպած էր Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տիկնանց յանձնախումբը, որուն նախագահութիւնը, ամենայն հաճոյակատարութեամբ ստանձնած էր Տիկին Անի Թաշճեանը:
Առաւօտեան 10-էն սկսեալ տօնականտեսք ստացած էր ակումբը, որուն լայնատարած մարգագետինը ծածկուած էր սեղան-աթոռներով: Շէնքին առջեւ շարուած սեղանները հետզհետէ բեռնաւորուեցան աւանդական չէօրէկներով, զանազան խմորեղէններով, անուշեղէններով, մանթըյով, ապուխտով, երշիկով եւ Զատկուայ զարդերով: Բացումէն շատ առաջ ներկաները հետաքրքիր նայուածքներ կը նետէին դէպի Պազարին սեղանները, գտնելու համար իրենց նախասիրած ապրանքները:
Տիկին Անի Թաշճեան ժապաւէնը կտրելով բացուած յայտարարեց Պազարը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին բոլորովին պարպուեցաւ: Ճաշի սպասարկութիւնը տեղի ունեցաւ հեզասահ կերպով եւ աւելի քան 250 ներկաներ մեծ հաճոյքով ճաշակեցին հրամցուած ճաշերը, ծառերուն հովանիին տակ