Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին ակումբը տօնական տեսք ստացած էր՝ Եգիպտական ու լիբանանեան բարձորակ երգ ու երաժշտութիւն, արեւելեան ոճով յարդարուած անկիւն, կլկլակներու ծուխ եւ ճոխ ու այլազան ճաշատեսակներով բաց շքասեղան:
Ռամատան ամսուան ներշնչած մթնոլորտը կոկիկ բազմութիւն մը մղած էր դէպի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ, վայելելու Արեւելեան Երեկոն: