Դպրոցներու կիսամեայ արձակուրդը պատեհ առիթ մը նկատելով, Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութիւնը կազմակերպեց զուարճութեան երկու օրեր ակումբին փոքրիկներուն ու պատանիներուն համար, Ուրբաթ 11 եւ Շաբաթ 12 Փետրուար 2022-ին: Թէպէտ բուն ծրագիրը երեք օրերու վրայ երկարող բանակում մը պիտի ըլլար ակումբին մէջ, սակայն Գորոնա Ժահրին կրկին սաստկացման պատճառով, խոհեմութիւն նկատուեցաւ վրաններու տակ գիշերելը զանց առնել:
ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութեան երիտասարդ անդամները, իրենց կողքին ունենալով տասնեակ մը օժանդակներ, կարողացան շատ յաջող ձեռնարկ մը գլուխ հանել:
Ուրբաթ օրը տրամադրուած էր 6-10 տարեկան 30 փոքրիկներու, որոնք կէսօրուան 12-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6,պատասխանատուներուն թելադրած օրէնքներուն եւ ցուցմունքներուն հետեւելով, զբաղեցան ձեռային աշխատանքներով եւ վազքի ու զանազան մարզական մրցումներով:
Ծնողներէն շատեր մնալով ակումբը, քաջալերուելով աշխոյժ մթնոլորտէն, իրենք ալ «պարան քաշելով» մրցեցան իրարու հետ, ի զարմանս փոքրիկներուն:Շաբաթ առաւօտէն սկսեալ եռուզեռ կար ակումբին մէջ, ուր պատասխանատուներէն ոմանք արեւածագէն շատ առաջ աշխատիլ սկսելով, պատրաստած էին օրուան խաղերը: Աւելի քան 40 պարման-պարմանուհիներ դիմաւորուեցան օժանդակներուն կողմէ, որոնք, ըստ յայտարարուած կանոնին, բջիջային հեռախօսներէն զրկեցին ու երկու խումբերու բաժնեցին զանոնք ՝ Առիւծներ եւ Գայլեր:
Մարզական մրցումներուն զուգահեռ,ընդհանուր զարգացումի մրցում մըն ալ կազմակերպուած էր: Շատ տեղեկատու եւ հետաքրքրական էր Գեղամ Կարսեանի դասախօսութիւնը վերամշակումի (Re-cycling) մասին: Ընթրիքէն ետք, երբ արդէն արեւը մարը մտած էր, տեղի ունեցաւ գանձարշաւը, ապա բանակումներու աւարտը նշող խարուկահանդէսը:
«Շատ ուրախ ժամանակ անցուցի եւ կը փափաքիմ որ աւելի յաճախ ըլլան այսբանակումները», ըսաւ ժպտուն Սէլինան: «Առանց բջիջային հեռախօսի կրցանք ամբողջ օր մը անցնել խաղալով, խօսելով, մրցումներու մասնակցելով, ուտելով…» ըսաւ Մարալիկը ուրախ-ուրախ:«Երանի թէ յաջորդ անգամ ամառը ըլլայ բանակումը, որպէսզի կարենանք քանի մը օր վրաններու տակ պառկիլ», ըսաւ Դալարը, «Գիշերը մութին շատ հե-
տաքրքրական էր գանձարշաւը», աւելցուց ան փայլփլուն աչքերով:
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպողներուն: