Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամը, 2020-2021 տարեշրջանին համար, դրամական մրցանակներ պիտի տրամադրէ եգիպտահայ համայնքին պատկանող բոլոր այն ուսանողներուն, որոնք փայլուն արդիւնքներ բերած են որեւէ կրթական հանգրուանի աւարտական քննութիւններուն:
Այսպէս, մրցանակներ պիտի տրամադրուին աւարտական կարգերու՝ պետական կամ համազօր քննութիւններու ներկայացող բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք 90% եւ աւելի արդիւնք բերած են պատրաստական բաժնին եւ 85% եւ աւելի արդիւնք բերած են երկրորդական բաժնին:
Դրամական մրցանակները իւրրաքանչիւր կրթական կանգըրուանի համար են եւ պիտի տրամադրուին հետեւեալ ձեւով
Պատրաստականի աւարտական դասարան Ե.Ո. 500, իսկ Երկրորդականի Ե.Ո. 1000,
Համալսարանի աւարտական տարի: Շատ Լաւ արդիւնք Ե.Ո. 1500, Գերազանց արդիւնք Ե.Ո. 2000
Մագիստրական աստիճանի աւարտին Ե.Ո. 2500, Դոկտորական աստիճանի աւարտին Ե.Ո. 5000
Գահիրէի դիմորդները իրենց ձեռք բերած կրթական արդիւնքը հաստատող փաստաթուղթը եւ անկէ պատճէն մը, պարտին ներկայացնել ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի գրասենեակը: Աղեքսանդրիոյ դիմորդները պարտին նոյները ներկայացնել Աղեքսանդրիոյ ՀԲԸՄ-ի գրասենեակը:
Բոլոր դիմումները ընդունելու վերջին պայմանաժամն է 30 Հոկտեմբեր 2021:
Մրցանակներու յանձնումը պիտի կայանայ հանդիսաւոր իրադրութեամբ: