Ողջերթի երեկոյ ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեանի մեկնումին առիթով

August 21, 2021

Շաբաթ 21 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, Պըլըգտանեան սրահէն ներս  տեղի ունեցաւ ողջերթի երեկոյ մը, ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեանի մեկնումին առիթով:

Հրաւիրուած էին համայնքին Թեմական եւ Քաղաքական Ժողովներու պատկառելի ատենապետները, կազմակերպութիւններու ատենապետներն ու վարչութիւններու անդամները:

Բարի մեկնումի խօսք առաւ եգիպտահայոց Բարեջան Առաջնորդ Տ. Աշոտ Սրբ. Մնացականեան, որ վեր հանեց համայնքին առողջ եւ ջերմ յարաբերութիւնները հայրենիքին եւ անոր ներկայացուցիչներուն՝ ՀՀ Եգիպտոսի դեսպաններուն հետ:

Իր խօսքը ըսաւ նաեւ մեծայարգ դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեան, որ խօսելով նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան վիճակին մասին, ըսաւ, թէ «Արցախի վիճակը վերջնական չէ անշուշտ», ինչ որ յոյսի նշոյլով փայլեցուց ներկաներուն սրտերը:

Գեղեցիկ յուշանուէրով մը, զոր պատուարժան դեսպանին յանձնեցին Թեմական եւ Քաղաքական ժողովի ատենապետներ՝ տիարք Նուպար Սիմոնեան եւ Վահէ Բլատեան, եգիպտահայութիւնը յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին, իր գալիք աշխատանքին համար:

Ներկաները առիթ ունեցան անձնապէս իրենց մաղթանքները փոխանցելու դեսպանին եւ յիշատակի պատկերներ ունենալու անոր հետ:

READ MORE

115 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

April 15, 2021
READ MORE

ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին Ընդհանուր Ժողովը

April 14, 2021
READ MORE

Virtual Santa visits AGBU Cairo’s children’s choir

December 26, 2020
READ MORE

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը կը պարգեւատրէ փայլուն ուսանողները/ AGBU Cairo’s Bright students’ awards

December 10, 2020