Meeting on the resumption of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments

July 10, 2021

Ժողով՝ պասքէթ-պոլի եգիպտահայ միջակումբային մրցաշարքերու մասնակցող հինգ ակումբներուն միջեւ

Ուրբաթ 9 Յուլիս 2021-ին, Գահիրէի ՀՄԸՄ-Նուպար ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ժողով մը, մասնակցութեամբ՝ պասքէթ-պոլի եգիպտահայ մրցաշարքերուն մասնակցող հինգ ակումբներու ներկայացուցիչներուն եւ օրէնսդիր մարմնի անդամներ՝ Տոքթ, Վիգէն Ճիզմէճեանի եւ Տիար Պերճ Միսքճեանի: Այս ժողովին նպատակն էր վերատեսութեան ենթարկել այս մրցաշարքերուն օրէնքները ինչպէս նաեւ քննարկել առկախ այլ հարցեր որոնք ի յայտ եկան 2019-ի Սրբուհի թերեզայի մրցաշարքէն յետոյ:

Հինգ ակումբներու ներկայացուցիչներն էին հետեւեալները, Գահիրէի ՀՄԸՄ-Նուպարէն՝ Տիար Ժիրայր Տեփոյեան եւ Տոքթ, Հրայր Տրդատեան: ՀՄԸՄ-Արարատէն՝ Տիարք Լեւոն Թելփեան եւ Բենիամին Իրատեան: Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-Նուպարէն՝ Տիար Կարպիս Թօսունեան, ՀՄԸՄ Կամքէն՝ Տիարք Հրայր Մարտիկեան եւ Զաւէն Լէյլէկեան իսկ Սրբուհի Թէրէզայէն Տիար Գրիգոր Միքայէլեան:

Այս հաւաքը եղաւ շատ արդիւնաբեր: Քննարկուեցան բարեփոխումներ որոնք պիտի ամբողջացնեն կանոնագրութիւնները յաղթահարելու համար քանի մը կէտեր որոնք ի յայտ եկան 2019-ի մրցաշարքերուն:

Հինգ ակումբներու ներկայացուցիչները շեշտեցին կարեւորութիւնը մրցաշարքերուն հեզասահ վերսկսման, «Covid -19»ի համաճատակի պատճառաւ երկու տարուան դադարէ մը յետոյ:

Այն բարեփոխումբները որոնք առաջարկուեցան օրէնսդիր մարմնին եւ հինգ ակիւմբներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, սկզբունքով հաւանութեան ենթարկուեցան:

Ծրագրումը ինչպէս նաեւ յառաջացած խնդիրները պիտի ենթարկուին հինգ ակումբներու վարչութեանց հաւանութեան:

Վերջնական բարեփոխուած օրէնքները պիտի ստորագրուին յաջորդ նիստին, որը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային:


A meeting to review the regulations of the Egyptian Pan Armenian tournaments and to discuss pending matters, which surfaced after the 2019 St. Therese tournament, was held between the five participating clubs and the drafters of the regulations; Dr. Viken Djizmedjian and Mr. Berdj Miskdjian at HMEM Nubar Cairo club on Friday 9th July 2021.

The five clubs’ representatives were the following: For HMEM Nubar Cairo: Messrs. Jirair Depoyan and Dr. Hrair Dertadian, for Homenetmen Ararat: Messrs. Levon Telpian and Peno Iradian, for HMEM Nubar Alex Dr. Garbis Tossounian, for Homenetmen Gamk: Hrair Mardikian and Zaven Leylekian and for St. Therese Krikor Mikaelian.

The meeting, which was very productive, discussed the amendments, which will be added to the existing regulations in order to overcome certain points, which came to surface at the end of the 2019 season. The representatives of the five clubs stressed on the importance of the smooth resumption of the basketball tournaments after the two-year stoppage due to the Covid-19 pandemic. The modifications, which were suggested by drafters of the regulations and by the five clubs were preliminarily agreed upon. This draft as well as the raised points will be submitted for final approval by the boards of the five clubs.

The final amended regulations will be signed in a next meeting, which will be held very soon.

READ MORE

Meeting to amend the regulations of the Egyptian Pan Armenian basketball tournaments / Եգիպտահայ Պասքէթ-Պոլի համահայկական մրցաշարքերուն կանոնագրութեան քննարկում

June 27, 2021
READ MORE

Եգիպտահայ Միջակումբային Պասքէթպոլի մրցաշարքերը տեղի պիտի չունենան 2021-ին

May 18, 2021
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s Christmas bazaar / ՀՄԸՄ Նուպարի պազարը

December 19, 2020
READ MORE

Egyptian Pan Armenian basketball tournaments of the 2020 season cancelled and meeting scheduled / 2020 եղանակի Եգիպտահայ Պասքէթ-Պոլի համահայկական մրցաշարքերը ջնջուած

August 11, 2020