Շաբաթ, 20 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Սաթենիկ Ճ. Չագըր մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որ նուիրուած էր եգիպտահայոց 19-րդ դարու կեանքին եւ կը կրէր «Օսմանահպատակ հայերու տնտեսական դերը Եգիպտոսի մէջ, անգլիական տիրապետութեան շրջանին. 1882-1914» խորագիրը:
Մէկ ժամ տեւող դասախօսութեան ընթացքին Պետրոս Թորոսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց եգիպտահայոց ունեցած դերը զանազան ասպարէզներու ընդմէջէն, նշելով բազմաթիւ թուականներ ու մանաւանդ անուններ, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են Եգիպտոսի տնտեսութեան մէջ, ինչպէս երկրագործութեան, ուտեստեղէնի, հիւրընկալութեան, բժշկութեան,ապահովագրութեան, երթեւեկութեան, տպագրութեան, ծխախոտի եւ լուսանկարչութեան մէջ:
Դասախօսութեան աւարտին պատշաճ հիւրասիրութեան ընթացքին շատեր իրենց յուշերը կը պատմէին դասախօսին եւ մանրամասնութիւններ կ’իմանային իրենց մեծ ծնողներուն մասին:
Հաճելի եւ օգտաշատ երեկոյ մը, որմէ ներկաները գոհունակութեամբ լեցուած հեռացան: