«Չարի Վերջը» / “Evil’s Fate”

May 25, 2019

ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղի Ծիածան մանկական երգչախումբը Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Պըլըքտանեան սրահէն ներս ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Չարի Վերջը» մանկական օփերեթը, Գոհար Ղազէլեանի խմբավարութեամբ եւ Մաէսթրօ Միհրան Ղազէլեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:

Ծիածանի այս համերգը յոբելենական զոյգ թուականներ կը տօնախմբէր՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 եւ Ծիածան մանկական երգչախումբի հիմնադրման 15 ամեակները:

23 փոքրիկներ եւ պատանիներ կը մասնակցէին Վահէ Հայրապետեանի հեղինակած այս օփերեթին, որմէ առաջ վեց երգեր ներկայացուցին: Համերգին հանդիսավարները փոքրերը իրենք էին՝ Մարիա Մովսէսեան, Նարինէ Աւագեան եւ Սարին Լուսարարեան:

Երգերուն եւ օփերեթին միջեւ եղած դադարին նախ խմբավարուհի տիկին Գոհար Ղազէլեան խօսեցաւ զոյգ ամեակներուն մասին եւ ներկայացուց հարցում մը, որուն պատասխանը գիտցող փոքրիկին նուէր խոստացաւ, ապա ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանին նուիրուած տեսերիզ մը:

Սրահը լեցնող բազմութիւնը իր ծափահարութիւններով ջերմօրէն գնահատեց փոքրիկները, խմբավարուհին, ղեկավարը, պարուսոյց տիկին Սիւզան Յակոբեանն ու նուագակցող տիկին Նանոր Աբիկեանը:


AGBU Cairo’s Dziadzan children’s choir presented on Friday 24th May 2019, at the Belekdanian Hall in Heliopolis, Hovhannes Toumanian’s “Evil’s fate” children’s operetta led by Mrs. Kohar Ghazelian and Maestro Mihran Ghazelian Ghazelian, as artistic director.  

Dziadzan’s recital marked two important anniversaries: Hovhannes Toumanian’s 150th anniversary of birth, and the choir’s 15th year of formation.

23 children and youngsters participated in this operetta; conceived by Vahe Hayrabedian. The operetta was preceded by six songs. The recital’s announcers were Maria Movsessian, Narine Avakian and Sarine Lousararian.

In the interval Mrs. Kohar Ghazelian talked about the two anniversaries, and asked a question to the audience, offering a present to the child who would answer it correctly. Soon after, a short documentary on Hovhannes Toumanian was projected.

With great applause, the audience cheered and appreciated the children, the conductor, the artistic director, the dance instructor Mrs. Suzy Hagopian and the pianist, Mrs. Nanor Apikian.

READ MORE

Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի ‹‹ Ե.Ա ››ներու Միջոցառում , համայնք եւ ինքնութիւն / AGBU Egypt’s YPs’ event: Community and Identity

May 12, 2019
READ MORE

Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը կը գումարէ իր Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը / AGBU Cairo’s annual general assembly

May 8, 2019
READ MORE

Գաղութային լուրեր: Պանծալի 90-ամեակ մը / A glorious 90th anniversary

May 2, 2019
READ MORE

«Թաքուն Հայեր» եւ Ա. Հաճեանի դասախօսութիւնը/The secret Armenians and Avedis Hadjian’s lecture

April 24, 2019