Կիրակի, 16 Յունուար 2022-ին, ՀԲԸՄ Գահիրէի մասնաժողովի, Եգիպտոսի ՀԲԸՄի
Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀՄԸՄ Նուպար Գահիրէի վարչութիւններէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան տիար Հրաչեայ Փօլատեանի հետ։
Պատուիրակութիւնը բարի գալուստի եւ բարեյաջող կեցութեան իր մաղթանքները
փոխանցեց նորանշանակ դեսպանին եւ անոր հետ զրուցեց համայնքին կեանքէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը ծրագիրներ քննարկեց: