ԶԱՏԿՈՒԱՅ ՊԱԶԱՐ ԳԱՀԻՐէ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ ՄէՋ

April 11, 2022

Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի օրը, «Զատկուայ Պազար» կազմակերպած էր Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տիկնանց յանձնախումբը, որուն նախագահութիւնը, ամենայն հաճոյակատարութեամբ ստանձնած էր Տիկին Անի Թաշճեանը:

Առաւօտեան 10-էն սկսեալ տօնականտեսք ստացած էր ակումբը, որուն լայնատարած մարգագետինը ծածկուած էր սեղան-աթոռներով: Շէնքին առջեւ շարուած սեղանները հետզհետէ բեռնաւորուեցան աւանդական չէօրէկներով, զանազան խմորեղէններով, անուշեղէններով, մանթըյով, ապուխտով, երշիկով եւ Զատկուայ զարդերով: Բացումէն շատ առաջ ներկաները հետաքրքիր նայուածքներ կը նետէին դէպի Պազարին սեղանները, գտնելու համար իրենց նախասիրած ապրանքները:

Տիկին Անի Թաշճեան ժապաւէնը կտրելով բացուած յայտարարեց Պազարը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին բոլորովին պարպուեցաւ: Ճաշի սպասարկութիւնը տեղի ունեցաւ հեզասահ կերպով եւ աւելի քան 250 ներկաներ մեծ հաճոյքով ճաշակեցին հրամցուած ճաշերը, ծառերուն հովանիին տակ

READ MORE

Դասախօսութիւն «Ինքնաճանաչում եւ Ինքնաբուժում»

March 25, 2022
READ MORE

«ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԵԱՆ ՕՐ» ԳԱՀԻՐէԻ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ ՄէՋ

February 13, 2022
READ MORE

ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ Գահիրէի և Աղեքսանդրիոյ նոր վարչութիւնները

December 1, 2021
READ MORE

Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ պասքէթ-պօլի խումբերու այցը Աղեքսանդրիա

September 20, 2021