Շամ-էլ-Նէսիմը բոլոր եգիպտացիներուն սրտին մօտիկ տօնը կը նկատուի, որ աշխարհի ամենահինն է, կտրեր է ժամանակի տարածքները առանց անտեսուելու, մոռացութեան մատնուելու կամ աղաւաղուելու, նոյնիսկ երբ նոր կրօններ մուտք գործած են երկրէն ներս, եկած հասած է 21րդ դար եւ ահաւասիկ կը նշուի Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի մէջ Երկուշաբթի, 25 Ապրիլ 2022-ին:
Ածուխին վրայ կամաց-կա մաց խորովուող միսին եւ հաւուն ախորժաբեր բոյրը կը դիմաւորէր այն անդամներն ու համակիրները, որոնք նախընտրած էին Շամ-էլ-Նէսիմը ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի մէջ անցընելու աւանդութիւնը պահել:
Ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին ոչ միայն հրամցուած ճաշերը, այլ եւ պարտէզին քաղցր օդը, ծառերու հովանիին տակ: