A captivating lecture by Egyptologist Dr. Arto Belekdanian

February 8, 2019

Egyptologist Dr. Arto Belekdanian gave another captivating lecture on the life of Ancient Egyptians on Friday February 8th 2019 at HMEM Nubar Cairo. The lecture started with the welcoming words of  Mrs. Nairy Simonian, board member of HMEM Nubar Cairo, during which she gave an insight on Dr. Arto’s aspiring academic journey in the field of Ancient Egyptian History. Indeed, after graduating from Collège de la Sainte Famille in 2002, he studied at the American University in Cairo with a major in Egyptology and a minor in Business Administration, graduating in 2006. Two years later, he received his Masters degree of “Arts Program in the Humanities” from the University of Chicago with his thesis entitled “The Seth and Thoth Connection”. He pursued his studies to receive a PHD in 2016 from the Queen’s College in Oxford University with his doctoral thesis entitled: The Coronation Ceremony during the Eighteenth Dynasty of Egypt: an Analysis of Three “Coronation” Inscriptions.

The lecture focused on an ancient Egyptian festival called “Opet”, celebrated annually in Thebes, currently Luxor, during the New Kingdom (1550-1069) and in the following periods. During the festival, God Amun made a ritual journey from his shrine at Karnak to the temple of Luxor, with the purpose of his rebirth and the renovation of the Egyptian territories.

Thanks to Dr. Arto Belekdanian, the audience traveled back in time and embarked on this ritual journey to acquire knowledge on the specificity of the festival. For that matter, he described the standard layout of ancient Egyptian temples including the choice of floor-to-ceiling heights and lighting degrees in each part of the temple and the architectural measures taken to protect gods from evil. The location of the temple was also subject to study as it was chosen in respect with the sun’s daily and seasonal path. The ancient Egyptian lunar calendar and its association with the agricultural seasons were also briefly explained in order to understand the logic behind Ancient Egyptians’ choice of the month for Opet festival. As a similar rebirth journey was taken by certain pharaohs, a comparison was held between pharaohs before and after rituals to demonstrate the effects of rejuvenation on their physical appearance. The entire lecture was supported by PowerPoint which included temple plans and images, reliefs of the celebration, and pictures of statues of the mentioned Pharaohs. Dr. Arto passionately grabbed the full attention of the audience during the whole hour of his speech and keenly responded to the audience’s follow-up questions.

The lecture ended with a thank you word by the chairman of HMEM Nubar Cairo, Mr Jirair Depoyan, who expressed his gratitude to Dr. Arto Belekdanian for his beguiling speech and gave him a souvenir present on behalf of the club’s board. A lunch service followed soon after.

Mané Djizmedjian


Ուրբաթ 8 Փետրուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը մէկին, Գահիրէի ՀՄԸՄ-Նուպար ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ Եգիպտաբան Դոկտ. Արթօ Պըլըքտանեանի մէկ այլ հետաքրքրաշարժ դասախօսութիւն մը, Եգիպտացւոց կենցաղին շուրջ: Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց ՀՄԸՄ-Նուպարի վարչութեան անդամուհի Տիկին Նայիրի Սիմոնեան, որ հակիրճ ակնարկ մը նետեց հին Եգիպտական Պատմութեան մարզէն ներս, դոկտ, Արթոյին կատարած ակադեմական փառաւոր ուղեւորութեան վրայ:

 Արդարեւ, 2002-ին « College de la Sainte Famille » ուսումնարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ, ան յաճախեց Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը զոր աւարտեց 2006-ին տիրանալով զոյգ վկայականներու. Մին եգիպտաբանութեան ճիւղէն ներս իսկ միւսը՝ գործառնութեան մը ղեկավարման (Business Administration) բաժնէն, երկու տարի յետոյ ան ստացաւ Մագիստրոսի աստիճան Շիքակոյի համալսարանէն, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Սեթի եւ Թօթի կապակցութիւնը» (Seth and Thoth Connection) : Ապա շարունակելով իր ուսումը, 2016-ին տիրացաւ «PHD» աստիճանին Օքսֆորտի (Oxford)ի համալսարանէն, ներկայացնելով որպէս դոկտորական աւարտաճառ հետեւեալ նիւթը. «Թագադրութեան արարողութիւնը՝ Եգիպտոսի 18-րդ արքայական ընտանիքի ժառանգութեան (dynasty) ընթացքին», զոր վերլուծում մըն է երեք «Թագադրութիւններու» արձանագրութեանց:

 Դասախօսութիւնը կեդրոնացաւ եգիպտական հնաւանդ փառատօնի մը վրայ «Օբէթ» (Dpet) կոչուած զոր ամէն տարի կը տօնուէր «Thebes» քաղաքին մէջ, այժմ Լուքսօր, Նոր Թագաւորութեան շրջանին (1550 – 1069 Ք.Ա.) եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջաններուն: Այդ տօնակատարութեան ընթացքին, Ամուն (God Amun) չաստւածը ծիսական ճամբորդութիւն մը կը կատարէր Քարնաքի սրբավայրէն դէպի Լուքսորի տաճարը, իր վերածնունդին եւ եգիպտական հողամասերուն բարեկարգման համար:

 Շնորհիւ Դոկտ, Արթօ Պըլըքտանեանի, ներկաները ժամանակին ընդմէջէն, յետ ուղեւորութիւն մը կատարեցին եւ տեղափոխուեցան այդ ժամանակաշրջանը՝ փառատօնին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար: Այդ առիթով, յարգելի բանախօսը մանրամասնութիւններ տուաւ հին Եգիպտական տաճարներուն հիմնական կառուցուաքին մասին, ներառեալ տախտակամածէն մինչեւ ձեղունին բարձրութեան ընտրութիւնը, տաճարին իւրաքանչիւր բաժնի մէջ լուսաւորութեան աստիճանները եւ առնուած ճարտարագիտական միջոցները՝ աստուածները հեռու պահելու համար չարիքներէ: Տաճարին վայրը դարձեալ ուսումնասիրութեան առարկայ էր, տրուած ըլլալով որ ան պէտք էր որ համապատասխանէր արեւին օրական եւ եղանակային գնացքին: Հին եգիպտացւոց լուսնային տոմարը եւ անոր կապակցութիւնը երկրագործական եղանակներուն հետ դարձեալ հակիրճ կերպով բացատրուեցաւ, հասկնալի դարձնելու համար թէ ինչ տրամաբանութեամբ ընտրած են այն ամիսը՝ որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենային «Օբէթ»ի տօնակատարութիւնները:

 Նմանօրինակ վերածնունդի ճամբորդութիւններ կատարած են փարաւոններէն ոմանք եւ բախտատութիւններ կատարուած են անոնց ծիսակատարութեանց մեկնումէն առաջ եւ վերջ ապացուցանելու համար թէ այդ ճամբորդութիւնները դրական ինչ մեծ ազդեցութիւն գործած են անոնց Ֆիզիքական արտաքին տեսքին վրայ:

 Ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին «PowerPoint» ով ցուցադրուեցան համա-պատասխան նկարներ, տաճարներու յատակագծեր եւ պատկերներ, տօնակատարութիւններէ հատուածներ եւ վերոյիշեալ փարաւոններու արձաններ: Այդ մէկ ժամուան ընթացքին, յարգելի բանախօսը կարողացաւ խլել ներկաներուն ուշադրութիւնը, որոնք յափշտակուած կը հետեւէին իր խօսքերուն, ինքզինքնին փոխադրուած զգալով այլ աշխարհի մը մէջ: Վերջաւորութեան ան հաճոյակատարութեամբ պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

 Դասախօսութեան աւարտին, Գահիրէի ՀՄԸՄ-Նուպար ակումբի վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Տեփոյեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Դոկտ. Արթօ Պըլըքտանեանի իր հիասքանչ, ուսանելի բանախօսութեան համար եւ ապա ակումբին վարչութեան կողմէ յիշատակի նուէր մը յանձնեց անոր: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

READ MORE

HMEM Nubar Cairo awards its boys’ basketball team players

November 9, 2018
READ MORE

Ս. Թերեզա մրցաշարքը / The St. Therese basketball tournament: Rise of Alexandrian teams & the Unbroken Lead of HMEM Nubar Cairo

October 22, 2018
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s basketball tournament: Four cups / Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ ակումբի մրցաշարքը

October 8, 2018
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s boys and girls 57/33 victory / Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տղոց եւ աղջիկներու 57/33 յաղթանակը

September 23, 2018