Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2022ին սկսաւ Սրբուհի Թերեզայի եգիպտահայ պասքէթ-պոլի տարեկան մրցաշարը հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Գուսայի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ղասսան Կօուիկադիի։
Ուրբաթ օրուայ առաջին մրցումը Հ.Մ.Ը.Մ. Կամքի եւ Սրբուհի Թերեզայի տղոց խումբերուն միջեւ էր որը վերջացաւ հիւրընկալ խումբին յաղթանակով 51-45 արդիւնքով։
Երկրորդ մրցումը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐներուն միջեւ էր ու վերջացաւ Գահիրէի խումբին յաղթանակով 67-37 արդիւնքով։
Շաբաթ 19 Նոյեմբերի յայտագրին վրայ մէկ մրցում կար, Գահիրէի ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Արարատի միջեւ ուր ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐԻ խումբը սկիզբէն մինչեւ վերջ գերազանցօրէն տիրապետեց խաղին ու աւարտեց զայն 80-43 արդիւնքով։
Կիրակի 20 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ աւարտական խաղը ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի եւ Սրբուհի Թերեզայի խումբերուն միջեւ որը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տղոց 59-43 արդիւնքով։ Յաղթական խումբը ստացաւ բաժակը որ նուիրած էր մրցաշարին նախագահը։
Հանդիսավար Տիար Գրիգոր Միքայելեան բարձրախօսը ձեռքին շատ անմիջական ու հաճելի կերպով վարեց մրցաշարը ։