Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի տիկինները միջինքի հաւաքոյթ մը կազմակերպած էին ակումբին գեղեցիկ պարտէզին մէջ, Ուրբաթ, 25 Մարտի կէսօրուան ժամը մէկին:
Օրուան ճաշի սպասարկութեէնէն առաջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ «Ինքնաճանաչում եւ Ինքնաբուժում» նիւթով, զոր ներկայացուց բժշկուհի Հերմինէ Պալաեան-Վարժապետեան, մէկ ժամուան ընթացքին:
Ներկաները մեծ հաճոյքով հետեւեցան ներկայացուած հետաքրքրական նիւթին, որմէ ետք վայելեցին ճաշերը, գարնանային արեւին տակ: