Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան եգիպտահայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու Նայիրեան Վոգալ Անսամպլը, որ Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած էր Հայկական Ընթերցասրահի կողմէ, տօնախմբելու համար Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150 -ամեակը գեղեցիկ համերգով մը, որ հմայեց եւ խանդավառեց ներկաները:
Համերգը տեղի ունեցաւ Պըլըքտանեան սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ եգիպտահայոց բարեջան Առաջնորդ Գեր. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի, ներկայութեամբ Արհիապատիւ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի՝ Վիճակաւոր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան Ն.Գ. տիար Կարէն Գրիգորեանի, Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետներուն, միութիւններու պատասխանատուներուն, Աղեքսանդրիայէն յատկապէս այս ելոյթին համար ժամանած ունկնդիրներու եւ բազմաթիւ ներկաներու:
Տիկին Հերմին Վարժապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսք առաւ երաժշտագէտ մտաւորական Հայկ Աւագեան, որ հակիրճ եւ կուռ ձեւով խօսեցաւ Կոմիտասի «ամենուրեքութեան» մասին, բաղդատելով այդ երեւոյթը օտար երաժիշտներու յօրինումներուն եւ անոնց պարագային «ամենուրեքութեան» անկարելիութիւն մը ըլլալուն մասին:
Ապա Նայիրեանի հինգ երիտասարդուհիները ներկայացուցին Կոմիտասէն եւ քանի մը այլ հեղինակներու գործերէն կազմուած իրենց երգացանկը, հմայելով ներկաները եւ իրապէ՛ս անմոռանալի երեկոյ մը դարձնելով այդ օրը: