Կոկանեան Սրահի Մշակութային Յանձնախումբը խիստ գովելի նախաձեռնութեամբ մը, 2019 թուականի հայ մշակոյթի գործիչներու յոբելենականները տօնախմբելու կողքին, մտածեր էր նաեւ յիշել եւ յարգանքի տուրք մատուցել միջազգային համբաւի տիրացած անունի մըն ալ՝ Չարլի Չափլինին, որուն ծննդեան 130-րդ ամեակն է այս տարի:
Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, նուիրուած աշխարհահռչակ կատակերգակին, վեր առնելով անոր կեանքն ու գործունէութիւնը սպառիչ մանրամասնութիւններով, զորս ներկայացուց գաղութիս արդէն ծանօթ անուններէն տիկին Սեւան Սեմերճեան:
Երկու ժամ տեւած այս երեկոն համեմուած էր Չափլինի ամենէն նշանաւոր ֆիլմերէն առնուած պատառիկներով, լուսանկարներով եւ դոկտ. Արթօ Պըլըքտանեանի եւ ճարտարապետուհի տիկին Սաթօ Աբգարեանի խօսքերով:
Դոկտ. Պըլըքտանեան ներկայացուց ֆիլմերու մանրամասնութիւնները, իսկ տիկին Աբգարեան ներկայացուց Չափլինի ունեցած դերը Near East Relief Fund-ի հիմնադրութեան մէջ, օգնութիւն փութացնելու համար Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին թրքական ջարդերէն խորապէս տառապող հայ եւ յոյն որբերուն:
Իրապէս գովելի ձեռնարկ մը, որ հակառակ երկար ըլլալուն հաճելի էր եւ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցէր միջազգային դէմք-երեւոյթի մը՝ Չափլինի մասին, որուն անունը որքան ծանօթ է, կեանքն ու գործերը նոյնքան անծանօթ կը մնան շատերու համար:
Գնահատանք Կոկանեան Սրահի Մշակութային Յանձնախումբի երիտասարդ եւ ժրաջան անդամներուն, որոնց կազմակերպած ձեռնարկները միշտ ալ հաճելի են եւ օգտակար: