Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ի երեկոյեան Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ն ունեցաւ իր հերթական հանդիպումը՝ վկայագրերու յանձնում, ճատրակի եւ հայերէն լեզուի ուսանողներուն:
Ս. Չագըր փոքրիկ սրահը լեցուն էր խանդավառ պատանիներով, երիտասարդներով եւ անշուշտ բոլոր անոնցմով, որոնք առանց տարիքի խտրութեան կը հետեւին այս զոյգ դասընթացքներէն մէկուն կամ միւսին:
Երեկոյին բացումը կատարեց տիկ. Ասիա Սիմոնեան, նորանշանակ պատասխանատուն, որ Գահիրէի եւ Երեւանի ՀՀՀ կեդրոնին միջեւ աշխատանքները կը համակարգէ:
Ներկայ էր նաեւ տիկ. Աննա Թրայեան, որ այս դասընթացքները Գահիրէի մէջ ձեռնարկած եւ անոնց տնօրինութիւնը վարած էր միչեւ անցնող շրջանը:
տիարք Խաչիկ եւ Էտի Գասպարեաններ ճատրակի եօթը պատանիներուն վկայագրերը յանձնեցին:
Երեւանի կեդրոնէն շնորհաւորական խօսք ուղղուեցաւ բոլոր մասնակիցներուն, արբանեակային կապի միջոցով:
Ապա իրենց վկայագրերը ստացան ՀՀՀ-ի չորս մակարդակները ամբողջացուցած 27 ուսանողներ:
Հանդէսը իր աւարտը գտաւ Հայաստան Աշխարհ գեղեցիկ երգով, զոր կատարեց Ռուբէն Սաատ եւ որուն ընկերացան գրեթէ բոլոր ներկաները, որոնք յետոյ խմբուեցան թէյասեղանին շուրջ եւ շարունակեցին իրենց ուրախութիւնը արտայայտել աշխոյժ զրոյցներով: