Փետրուարի առաջին շաբաթը քաղաքս կը գտնուէր Պէյրութի ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չէրչեան, որ 9 Փետրուարին այցելեց Միութեանս կեդրոնատեղին, ներկայ եղաւ Գահիրէի Մասնաճիւղի հերթական ժողովին, որուն բերաւ կարեւոր եւ շինիչ առաջարկներ, ապա այցելեց Եգիպտոսի ՀԲԸՄի արխիւի սենեակն ու ՀԲԸ Միութեան վերանորոգուած եւ Երուանդ Գ. Աղաթօն վերանուանուած գրադարանը:
Այս առիթով նաեւ «Տեղեկատու»ն զրոյց մը ունեցաւ տիար Վիգէն Չէրչեանի հետ, իմանալու համար Պէյրութի մեր քոյր Միութեան վիճակը այս ծանր օրերուն եւ ՀԵԸի աշխատանքներուն մասին գաղափար մը կազմելու համար: