ՀԲԸՄի Գահիրէի «Ծիածան» մանկական երգչախումբը Չորեքշաբթի, 23 Մայիս 2018-ին ունեցաւ իր տարեկան համերգը, Հելիոպոլսոյ «Քաղաքակրթութեան եւ Ստեղծագործութեան Մանուկներու Կեդրոն»ին սրահէն ներս:
Այս տարուան համերգը կը տարբերէր, որովհետեւ երաժշտական զաւեշտ մըն էր, մանկական նոյնանուն ծանօթ հէքեաթին վրայ հիւսուած, որուն հեղինակն ու խմբավարը Գոհար Ղազէլեանն էր, պարուսոյցը՝ Սիւզան Յակոբեանը, իսկ գեղարուեստական ղեկավարը՝ մայէսթրօ Միհրան Ղազէլեանը:
Ամբողջ 70 վայրկեաններ, 6-14 տարեկան մանուկներն ու պատանիները, իրենց քաղցր թոթովանքներով եւ պարերով գրաւեցին ներկաները: Կատարողներուն մէջ կային իսկապէս շնորհալի մանուկներ, որոնք գաղութին ապագային հանդէպ յոյս կը ներշնչեն:
Քուլիսներուն ետին աշխատող տասնեակ մը երիտասարդները նախկին ծիածանականներն էին, որոնց օգնութիւնը յստակ էր ելոյթին յաջողութեան մէջ:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկին յաջողութեան սատարեցին: