Գաղութային Լուրեր: Յուզառատ Հրաժեշտ մը

May 10, 2018

Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ի երեկոյեան Կոկանեան Սրահը լեցուն էր Տէր Յակոբ Քհնյ. Յակոբեանի ողջերթին նուիրուած ձեռնարկին մասնակիցներով: Ներկայ էին անշուշտ գաղութիս Բարեջան Առաջնորդ Աշոտ Սրբ. Եպս. Մնացականեան, Դերենիկ աբեղան եւ վարչութեան բոլոր անդամները:

Օրուան հանդիսավարուհիին՝ Կոկանեան Սրահի ատենադպրուհի Տիկ. Լալա Շամամեան-Նիկոլեանի խօսքով բացումը կատարուեցաւ այս «ընտանեկան» ընթրիքին, ուր արցունքն ու ժպիտը, տխուր խօսքերն ու ուրախ երգերը խառնուեցան իրարու:

Ներկաները անգամ մը եւս առիթը ունեցան վայելելու տէր հօր գեղեցիկ ձայնն ու զգացական երգը, յաճախ մասնակցելով անոր, մտերմիկ եւ պաշտօնականութենէ հեռու մթնոլորտի մը մէջ: Դաշնամուրի վրայ երգերուն կ’ընկերակցէր Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահարուհի տիկ. Սեւան Սեմերճեանը:

Բարի եւ կանաչ ճանապարհ սիրելի Տէր Յակոբին, որուն եւ երիցուհիին ազնուութիւնն ու բարութիւնը դեռ շատ երկար պիտի մնան եգիպտահայերուն սրտին ու հոգիին մէջ:

READ MORE

AGBU Cairo’s General Assembly: 1 M 672 122 LE spent on care and projects

April 18, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Թէքէեան 140

April 15, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: ԵԳԻՊՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

April 14, 2018
READ MORE

Գաղութային Լուրեր: Պերճ Թէրզեանի «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը» գրքոյկին շնորհանդէսը

April 12, 2018