Պատմութիւն ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի

February 17, 2020

Պատմութիւնը կրնայ «մեռեալ» գիտութիւն ըլլալ, սակայն ապրողներուն կ’իյնայ իրենց ազգին, երկրին կամ միութեան պատմութիւնը վերակենդանացնել եւ ապրեցնել, նուազագոյնը ճանչնալով զայն, այդ պատմութիւնը. որովհետեւ չ-գիտութիւնը այս պարագային կրնայ հասնիլ այնպիսի չափերու, որ շփոթի կը մատնէ անհատին ինքնութեան գիտակցոււթիւնը, ստիպելով որ ան հաւատք ընծայէ տարբեր յերիւրանքներու, որոնց ճշդութիւնը ստուգելու միջոց չունի:

Այս մտահոգութեամբ է, որ Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ մարզադաշտի սրահէն ներս դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ, «ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի Պատմութիւնը» խորագրով: Դասախօսն էր ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ մանրամասնօրէն եւ սահիկներու օգնութեամբ բացաւ ծալքերը այս ակումբի պատմութեան, մանաւանդ Եգիպտոսի ակումբերուն՝ ՀՄԸՄի եւ ՆՈՒՊԱՐի միացումին:

Սրահը լեցուցած ներկաները գրեթէ երկու ժամերու ընթացքին հետաքրքրութեամբ հետեւեցան յարգելի դասախօսին, որ երկար եւ խիտ պրպտումներու հիման վրայ, ՀԲԸՄի նորահաստատ արխիւատան հարստութենէն որոշ նիւթեր ներկայացնելով հաստատեց, թէ երկու ակումբները, իրենց իսկ փափաքով միանալէ ետք, 8 Փետրուար 1954-ին համաձայնագիր մը ստորագրած են, ուր յստակօրէն ըսուած է.

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հելիոպոլսոյ եւ Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղերը եւ ՆՈՒՊԱՐի Գործ. Ժողովը կ’որոշեն այսու Հայկ. Բարեգ. Ընդհ. Միութեան հովանաւորութեան ներքեւ բոլորովին միանալով կազմել մարզական միակ ընկերակցութիւն մը, որ պիտի կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՆՈՒՊԱՐ» եւ այլն:

Տիար Պերճ Թէրզեան, պատուոյ ատենապետ Եգիպտոսի ՀԲԸՄի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ Գահիրէի ՀԲԸՄի Տեղական մասնաճիւղին, հակիրճ բայց մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ՀՄԸՄ-ՆՈՒՊԱՐ մարզարանի հողին գնման, Պօղոս Փաշա Նուպարի ժառանգներուն հետ համաձայնութեան եւ ստեղծուած բարդութիւններուն մասին, բաներ, որոնք շատերու համար ամբողջովին նորութիւն էին եւ կը հերքէին այն թիւր կարծիքը, թէ մարզարանին հողը նուէր տրուած է միութեան:

Դասախօսութենէն ետք շատեր, մանաւանդ երիտասարդներ մօտեցան յարգելի դասախօսին եւ իրենց հարցումները ուղղեցին, ինչպէս նաեւ կարծիքներ յայտնեցին սետղծուած այն կացութեան հանդէպ, որ կասկածի տակ կը դնէ պատմական ճշմարտութիւն մը:

Իրապէ՛ս գոհացուցիչ երեկոյ մը բոլոր ներկաներուն համար, որոնք սրահէն հեռացան իրենց միութեան պատմութեամբ քիչ մը աւելի հարուստ եւ շատ հպարտ:        Մ. Ե.

 

READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s Youth Camp

February 2, 2020
READ MORE

HMEM Nubar Cairo wins the last two cups of 2019 in Saint Therese

November 4, 2019
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s boys and girls lift the two seniors’ trophies of Homenetmen Ararat’s tournament

October 20, 2019
READ MORE

HMEM Nubar Cairo’s boys, as the girls, win the second trophy of the tournament

October 6, 2019
lz cerita ajaib kak lilislz dari diam kemenggilalz dark scatter strikelz decoder pola reels mw3asia3447asia3448asia3449asia3450auto mahjong awsbet scatter wildauto pendalaman pola mahjong ways2auto rtp winsrate mahjong malamlz cuan deras tanpa hentilz 3 teknik virallz ai pembaca sinyal mahjong wins 3lz aksi epik bang jokolz aksi nekat mas ranolz amukan naga hitamlz angin gacor berhembuslz black dragon ragelz black storm scatterlz cerita gokil bu reniasia3443asia3444asia3445asia3446auto jeda kurir profit menanjakauto reporter deadline maxwin hujanauto-pola-rahasia-sopir-angkotABC1131slot qris danampoxo link slot mahjongmpo slotslot depo 5kslot deposit 1000slot thailandasiaklubmacauklubpondok88garuda76asiawin189AWSBETcincinbetsitus cincinbet1parisklubheylink macauklubheylink asiaklubheylink hksbetheylink kapten76heylink mpoxoheylink garuda76heylink pondok88viral asiaklubviral macauklubviral garuda76viral pondok88mpoxlASLI777Asli777MpogalaxyMPOGALAXYpsychopsyslot gacor hari inislot gacor qrisabc1131Link Platfrom Situs Slot Online Gacor Gampang MenangAt-Taujih; Jurnal Bimbingan Konseling IslamMPO SLOTrtp mpoxoabc1131 slot viralabc1131 - sopadecabc1131 slot777 lundbergdesign.com