Young Professionals Program presented at AGBU Cairo / «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՆԵՐ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՀԲԸՄ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

October 12, 2018

On Wednesday, October 10, at AGBU Cairo’s Satenik Chaker Cultural Center in Heliopolis, AGBU Lebanon Chapter’s Executive Director, Ms. Anita Lebiar met with some Egyptian Armenian youth.

The meeting, organized by AGBU Cairo, was with the aim of having our youth acquainted with AGBU’s “Young Professionals” program.

Mrs. Lebiar, began her presentation by expressing her admiration for the new Egyptian Armenian generation and emphasized their importance as a community’s future, highlighting the role of youth in encouraging new generations and keeping them in an Armenian environment.

Ms. Lebiar then acquainted the participants with the Young Professionals (YP) program, explaining the constituents of the program, who is eligible for membership and what it pursues. She encouraged the young gathering to join the program and its worldwide network.   It is to be mentioned that the “Young Professionals” program, which was created in 1995, aims to unite and preserve the Armenian identity and heritage among Armenian youth aged 22-40 both in Armenia and the Diaspora. Members of this network use their time, knowledge, and experience to promote the opulence of Armenia and of the Armenian communities through the implementation of cultural, professional, social and public programs. In this category, “Young Professionals” is considered as the largest pan-Armenian network in the World today.

At the end of the evening, Ms. Lebiar answered the questions of the gathering and promised to keep contact with those who are interested to be part of this initiative.

Click here for the YP website


Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, ՀԲԸՄ Գահիրէի Սաթենիկ Չագըր Մշակութային Կեդրոնին մէջ կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-իԼի­բա­նա­նիմաս­նա­ճիւ­ղիգործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիարի հանդիպումը եգիպտահայ երիտասարդութեան հետ։

Հանդիպումը, որը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ Գահիրէի կողմէ, ճանաչողական բնոյթ կը կրէր։ Ան յատկապէս միտուած էր եգիպտահայ երիտասարդութիւնը ծանօթացնելու ՀԲԸ Միութեան կողմէ հիմնադրուած «Երիտասարդ Արհեստավարժներ» ծրագրին։

Տիկ․ Լիպիար, նախ խօսք առնելով իր հիացմունքը արտայայտեց եգիպտահայ նոր սերունդին հանդէպ եւ շեշտեց անոնց կարեւորութիւնը որպէս համայնքի ապագայ։ Ապա, միտքը շարունակելով կարեւորեց երիտասարդներուն դերը, նոր սերունդը քաջալերելու եւ անոնց հայկական միջավայրէն ներս պահելու գործին մէջ։

Ապա Անիթա Լիպիար ծանօթացուց հաւաքուածները «Երիտասարդ Արհեստավարժներ»(ԵԱ) ծրագրին՝ բացատրելով ի՞նչ մասնիկներէ կը բաղկանայ ծրագիրը, ովքե՞ր կրնան մաս կազմել անոր եւ ի՞նչ կը հետապնդէ համախմբումը։ Ան քաջալերեց հաւաքուած երիտասարդները նոյնպէս մաս կազմել աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները համախմբող այս ծրագրին։

Նշենք, որ 1995 թուականին ստեղծուած «Երիտասարդ Արհեստավարժներ» ծրագրին նպատակն է՝Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող 22-40 տարեկան հայ երիտասարդները համախմբել, պահպանել անոնց մէջ հայկական ինքնութիւնը եւ ժառանգութիւնը։ Նախաձեռնութեան անդամները իրենց ժամանակը, գիտելիքները, կապերը եւ փորձը կը ծառայեցնեն Հայաստանի եւ հայ համայնքներու բարգաւաճմանը՝ մշակութային, մասնագիտական,  ընկերային եւ հանրօգուտ ծրագրերու իրականացման միջոցաւ։ Իր տեսակին մէջ, «Երիտասարդ Արհեստավարժներ»-ը ամենամեծ համահայկական ցանցն է, որը այսօր կը գործէ աշխարհին մէջ։

Երեկոյի աւարտին, Տիկ․ Լիպիար պատասխանեց հաւաքուածներուն հարցերուն եւ խոստացաւ կապ պահպանել անոնց հետ եւ աջակցիլ բոլորին որոնք հետաքրքրուած են, կամ մաս կ’ուզեն կազմել այս նախաձեռնութեան։

Լուսածին Ղազէլեան

READ MORE

«Երկու Աշխարհներու Միջեւ» Գիրքի գինեձօն / Launch Ceremony of “Between Two Worlds”

October 5, 2018
READ MORE

New Armenian Language conversational courses at AVC-AGBU Egypt starting from 4 October 2018 – Enrollments for all levels now open.

September 13, 2018
READ MORE

AGBU Cairo’s Chess classes restart on October 5th in two categories

September 13, 2018
READ MORE

AVC-AGBU Egypt chess club’s youngest talent participates in the Egyptian Chess Fedration tournament

July 14, 2018