Ուղեւորութիւն դէպի Արեւմտահայաստան

March 15, 2020

Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ չի կրնար զսպել իր յուզումը, երբ խօսքը կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի մեր գաւառներուն եւ քաղաքներուն: Վերջին քանի մը տարիներուն շատեր այցելած են այդ տարածքները եւ  ծանր, անմոռանալի յուշերով վերադարձած:

Սակայն 2019 թուականի Մայիս-Յունիս ամիսներուն Համահայկական Խաղերուն Միջազգային կոմիտէին կատարած ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան տարբեր տարողութիւն ունեցած է:

Այդ մասին էր, որ տիար Պերճ Հալաճեան, մէկը Համահայկական Խաղերու Միջազգային կոմիտէի անդամներէն, ելոյթ ունեցաւ Շաբաթ, 14 Մարտ 2020-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին Սաթենիկ Չագըր Մշակութային սրահէն ներս, իր խօսքը լուսանկարներով եւ տեսերիզներով համեմելով:

Երեկոյին բացումը կատարեց ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ներկայացուց դասախօսին կեանքն ու գործունէութիւնը:

Համահայկական Խաղերու Միջազգային կոմիտէն երկու նպատակ ունեցած է այս այցելութեան համար. նախ խաղերուն ջահը վառել Մուսա լերան ստորոտէն եւ յետոյ հրաւիրել տակաւին այդ գաւառներուն մէջ ապրող հայ մարզիկները, մասնակցելու Համահայկական Խաղերուն:

Առաջին անգամ է որ նման դէպք մը կ’արձանագրուի սփիւռքահայ պատմութեան մէջ՝ ուղիղ թռիչքով Երեւանէն հասնիլ Վան (նախապէս առնուած յատուկ հրամանով), հանդիպիլ Վանի, Տիգրանակերտի եւ Վաքըֆի քաղաքապետներուն, վառել խաղերուն ջահը եւ զայն բերել մինչեւ Ստեփանակերտ (Արցախ), Համահայկական Վեցերորդ խաղերուն բացումը կատարելու համար:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած դասախօսութեան ներկաները հետաքրքրութեամբ, հաճոյքով եւ յաճախ յուզումով հետեւեցան:

READ MORE

Գաղութային լուրեր։ Եթէ ուզես, կ’ըլլա՛յ

February 8, 2020
READ MORE

Գաղութային լուրեր: Վերանորոգում Մայր Տաճար Ս. Էջմիածնի

January 25, 2020
READ MORE

Latest book of AGBU Cairo “Conventions and Treaties 1919 -1923” is published

January 13, 2020
READ MORE

Երիտասարդական Փառատoնին Վերադարձը

January 7, 2020