Egyptian Armenian talented artist Vahe Varjabedian held his most recent painting exhibition at AGBU Cairo’s Chaker Cultural Center in Heliopolis on Saturday 1st December 2018.
The exhibition was themed “Nubian Harmony” and was inspired by this characteristic Upper Egyptian culture. It included 30 colorful exquisite scenic paintings of various sizes, drawn with great passion.
Artist Vahe Varjabedian was born in 1951 in Cairo and had studied at the studio of Zorian from 1964 to 1966 followed by studies at the Leonardo da Vinci studio for five years. His personal style is stylized realism, enriched by Impresionism and Fauvism. His art and poetic brush symbolize nature and existence.
Artist Vahe Varjabedian is one of the very few Egyptian Armenian artists who holds regular exhibitions of his works, which are sought after by art enthusiasts.
Վահէ Վարժապետեանի նկարչական ցուցահանդէսը
Եգիպտահայ արուեստագէտ Վահէ Վարժապետեան 1 Դեկտեմբեր 2018-ին ցուցահանդէս մը տուաւ, ՀԲԸՄիութեան Ս. Չագըր սրահէն ներս:
Ցուցահանդէսը կը կրէր «Նուպիական Ներդաշնակութիւն» խորագիրը եւ ներշնչուած էր Վերին Եգիպտոսի մշակոյթէն: Տարբեր չափի երեսուն բնանկարները ապրումով իրագործուած էին:
Արուեստագէտ Վահէ Վարժապետեան ծնած է Գահիրէ, 1951-ին եւ իր նկարչական ուսումը ստացած Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցէն ներս, 1964-1966 տարիներուն, որմէ ետք, հինգ տարի հետեւած է Լէօնարտօ Տա Վինչի իտալական ակադեմիայի դասընթացքներուն: Անհատական իր ոճը կը միախառնէ ոճաւոր իրապաշտութիւնն ու տպաւորապաշտութիւնը, իսկ վրձնի բանաստեղծական հարուածները կը խորհրդանշեն գոյութեան եւ բնութեան միացումը:
Վահէ Վարժապետեան մէկն է եգիպտահայ այն արուեստագէտներէն, որոնք հերթական ցուցահանդէսներ կու տան, արտայայտելով նկարչութեան հանդէպ իրենց սէրն ու նոր ձեւերու անվերջ փնտռտուքը: