Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Եգիպտոսի հայկական հինգ ակումբներուն միջեւ պասքէթպոլի մրցաշարքերը, որոնք ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան ամէն տարի ամրան շրջանին, այս տարի եւս պիտի ջնջուին:
Այս որոշումը առնուած է հինգ ակումբներու միջեւ խորհդակցաբար, անոնց առաքուած հարցաթերթիկներու պատասխաններուն հիման վրայ, ղրկուած կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի եւ տիար Պերճ Միսքճեանի կողմէ, մասնակից հինգ ակումբներուն, անոնց կարծիքը առներու համար մրցումներուն առնչութեամբ:
Մօտ ատենէն Հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ մասնակցող հինգ ակումբներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին միջեւ, մրցաշարքերուն առնչուած բոլոր հարցերը քննարկելու համար: