Թէ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի պարտէզը քանի մը օրուան ընթացքին կրնար այսքան փոխուիլ, իրապէ՛ս տպաւորիչ էր, որովհետեւ պարտէզը ամբողջովին տարբեր ձեւով յարդարուած էր առաջին ձեռնարկէն` բարի գալուստի քոքթէյլէն ետք:
60 ամեակի տօնախմբութիւններուն երկրորդ ձեռնարկը ուրբաթ գիշեր էր, 6 Ապրիլին եւ ինչպէս խորագիրը կ’ըսէ՝ արեւելեան երեկոյ մըն էր:
Արեւելեան նախշերով պաստառները, որոնք եզերած էին պարտէզը, գունաւոր լոյսերն ու սեղաններուն ծածկոցները, տակաւին արեւելեան կլկլակներն ու բնական հիւթերու փոքրիկ կառքը … բոլորը կ’օգնէին մթնոլորտ ստեղծելու եւ բազմաթիւ ներկաներուն ուրախութիւն ապահովելու:
Ներկաները կը վայելէին պարտէզին քաղցրութիւնն ու բարեկամներու ընկերային ջերմութիւնը, իսկ բաց սեղաններուն ճոխութիւնը հաճոյքը կը բազմապատկէր: