Խոր ցաւով իմացանք տիկին Սոնա Պետրոսեան-թուլումպաճեանի շիջումը, որ տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2021 թուականին, պսակաձեւ ժահրով վարակումին որպէս հետեւանք:
Թաղման կարգը կատարուած է 3 Փետրուար 2021-ին Հելիոպոլսոյ Ազգային գերեզմանատան Ամենայն սրբոց մատուռին մէջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալին
ամուսնոյն՝ տիար Պերճ Թուլումպաճեանին, զաւակներուն՝ Կարէն Թուլումպաճեանին եւ Թալին Թուլումպաճեան-Երզնկացեանին եւ անոնց ընտանիքներուն։