Այս խորագիրը կը կրէր եգիպտահայ վաստակաւոր նկարիչ Վահէ Վարժապետեանի վերջին ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Մարտ 2022-ի երեկոյեան, Պըլըքտանեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի, Բարեջան Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմին, Արհիապատիւ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան, Վիճակաւոր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Հ. Փօլատեանի եւ իր ազնիւ տիկնոջ, միութիւններու ատենապետներու եւ եգիպտահայ արուեստասէր խաւի ներկայացուցիչներուն:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր տեսարաններ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի այնքան տարբեր բնութիւններէն, նկարիչ Վ. Վարժապետեանի ուրոյն գոյներով եւ զօրաւոր վրձինով իրագործուած:
Ցուցահանդէսը բաց էր նաեւ Կիրակի, 27 Մարտի երեկոյեան: