Եգիպտոսի ՀԲԸՄի արխիւներուն եւ վերակազմուած Ե. Աղաթօն գրադարանին մասին դասախօսութեամբ մը ելոյթ ունեցաւ նոյն այս արխիւներուն եւ գրադարանին պատասխանատու Մարուշ Երամեան, որ ներկայացուց արխիւներուն կարգաւորումի ընթացքը եւ շեշտը դրաւ անոնց ներկայացուցած պատմական արժէքին վրայ:
ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին ատենապետ Տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան ներկայացուց նախ ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի երկու ակումբները , ապա այդ ակումբներուն՝ ՀՄԸՄ – Նուպարի միացումին հակիրճ պատմականը:
Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ ակումբէն ներս, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան: