Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած ծանօթացման յաջող նախաձեռնութենէն յետոյ, Եգիպտոսի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ‹‹Երիտասարդ Արհեստա-վարժ››ներու առաջին միջոցառումը տեղի ունեցաւ 11 Մայիս 2019-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ‹‹Սաթենիկ Չագըր›› հանդիսասրահին մէջ։ Երեկոն սկսաւ Դոկտ, Արթօ Պըլըքտանեանի բարի գալուստի հակիրճ խօսքով որմէ ետք խօսք առաւ Այգ Զաքարեան: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց թէ ինչպէս կազմակերպուած է մեր համայնքը եւ թէ ինչպէս կ՛առնուին որոշումները: Այս կը վերաբերի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու պարտականութեանց, թէ ինչպէս կը գործակցին միմեանց հետ եւ ընդհանուր առմամբ համայնքին հետ:
Այգ Զաքարեանէն յետոյ խօսք առաւ Ասփէ Ճիզմէճեան որ քննարկեց ինքնութեան գաղափարը: Ան ներկայացուց նաեւ մեր համայնքի զանազան անդամներուն հետ կատարած իր հարցաքննութիւններուն արդիւնքները: Թէ արդեօք, մեր ինքնութիւնը որպէս հայ, կենսական հարց է եւ թէ որքան կարեւոր է որ ամուսնութիւնները տեղի ունենան հայերու միջեւ:
Այգ Զաքարեան կրկին խօսք առաւ ներկայացնելու համար մեր համայնքի անդամներուն տրամադրուած նպաստներն ու կրթաթոշակները, մասնաւորաբար ակնարկելով Կարապետ Աղա Գալուստ հիմնադրամին եւ Թեմական ժողովի այն որոշումին թէ կարող է ի հարկին փոփոխութեան ենթարկել կրթաթոշակի օրինական պայմանները:
Վերոյիշեալ ներկայացումներէն յետոյ, Դոկտ. Արթօ Պըլըքտանեան հակիրճ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն միջոցառման կազմակերպիչներուն եւ ատենախօսներուն եւ ապա բեմ հրաւիրեց Տիկին Անիթա Լեպիարը: Տիկին Անիթա Լեպիար տեսուչն է ՀԲԸՄ-ի Շրջանային Գործունէութեանց Ծրագրումներուն: Ան այնպէս մը կարգաւորեց իր Եգիպտոս այցելութեան ժամանակը որ կարենայ ներկայ գտնուիլ այս միջոցառման: Տիկին Անիթան կարճ բայց ազդեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց թէ ինչպէս Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի ‹‹Ե.Ա.››ը կարողացան այսպիսի յաջող մեկնարկ մը ունենալ ապա քաջալերեց բոլորին ջանալ պահպանել եւ շարունակել այս լաւ աշխատանքը: Ան նաեւ յիշատակեց կարեւորութիւնը օրուան արծածուած նիւթերուն եւ շեշտեց թէ ինչպէս Սփիւռքի զանազան համայնքները կը պայքարին պահպանելու համար իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ թէ այս մարզին մէջ ինչպիսի տեղ մը կը գրաւէ Եգիպտահայ համայնքը:
Միջոցառումը վերջացաւ մինի-պազարով մը ուր ծախուեցան հայկական կնիքը կրող բաժակներ, գրանշաններ, նօթատետրեր ինչպէս նաեւ որպէս Եգիպտահայեր մեր ինքնութիւնը ցօլացնող լահմաճուն, Ֆուլի սանտուիչներ, պտուղներու հիւթեր ‹‹Թամըր հինտի›› եւայլն:
Այս կարեւոր ձեռնարկ մըն էր Եգիպտոսի ‹‹Ե.Ա.›› ու խմբակին կողմէ, աշխուժացնելու համար նուիրատուութեան մտապատկերը մեր համայնքէն ներս, կարեւոր արարք մը որուն վրայ կ՛ապաւինին ՀԲԸՄ-ը եւ Հայկական միութիւնները իրագործելու համար իրենց մարդասիրական, ընկերային եւ կրթական ծրագիրները:
Այս պազարին բոլոր հասոյթը պիտի յատկացուի մեր օգնութեան կարիքը ունեցող Եգիպտահայ ընտանիքներու:
Օրուան ներկայացուած նիւթերը եւ այն հարցերը զորոնք արծարծուեցան, միջոցառման ընկերային բաժնի ընթացքին, առաջնորդեցին խանդավառ, կենսունակ քննարկութիւններու, բացայայտելով անոնց կարեւորութիւնը եւ պահանջը ապագային նմանօրինակ միջոցառումներ կազմակերպելու:
The Armenian General Benevolent Union’s Young Professionals hosted their first event on 11th May 2019 after a successful first introductory presentation in March.
After a short welcoming speech by Dr. Arto Belekdanian, the evening started with a presentation by Ayk Zakarian, who gave a summary of how our community is organized, and how the decision-making processes work. This covered the roles of the Témagan and Kaghakagan committees, and how they interact with each other and the community at large. This was followed by a presentation given by Aspé Djizmedjian, who discussed the concept of identity. She also presented the results of a poll she had organised, in which she had asked various members of our community critical questions such as whether our identity as Armenians is significant, and how important it is that we marry other Armenians. Ayk Zakarian took the stage a second time to present the educational funds and sholarships available to community members, particularly pertaining to the Garabed Agha Kalousd Fund and Témagan’s decision to consider amendments to the scholarship bylaws.
After the presentations, Arto Belekdanian gave a short speech, thanking the speakers and organizers, and invited Ms. Anita Lebiar to the stage. Ms. Anita Lebiar, AGBU’s Director of Regional Strategic Planning, who timed her visit to Egypt specifically so she could attend this event, gave a short, but inspiring speech. She expressed her happiness at how AGBU YP Egypt is off to such a great start, encouraging us all to keep up the good work. She also mentioned the importance of the topics we discussed, and mentioned how different communities in the Diaspora strive to maintain their Armenian identities, emphasizing how special the Armenian community in Egypt is.
The event concluded with a mini-bazaar, in which various Armenia-themed mugs, coasters, bookmarks, and notebooks were sold, as well as lahmadjoun and foul sandwiches, with a choice of pomegranate juice or tamr hindy, reflecting our identities as Armenians in Egypt. This was an important initiative from the YP group of Egypt, to reactivate the concept of donation in our community, an important deed on which AGBU and Armenian communities rely on achieving their humanitarian, social & educational programs.
All the funds raised from this bazaar will go to Egyptian-Armenian families in need of our help. The topics of the day’s presentations, and the questions they raised, led to lively and enthusiastic discussions during the social part of the event, highlighting their importance and the demand for similar events in the future.
Arto Belekdanian
CLICK HERE FOR THE PHOTO ALBUM