Հրանդ Քէշիշեանի մանկական պալէն՝ «Օղակուած Աղաւնին» 12 Ապրիլ 2019-ին ունեցաւ իր առաջին բեմելը, Օմանի մայրաքաղաք Մուսքաթի օփերայի տան բեմին վրայ, կատարողութեամբ ամբողջապէս եգիպտացիներէ կազմուած նուագախումբ-պարախումբի մը, իսկ յաջորդ օրը՝ Շաբաթ 13 Ապրիլին ունեցաւ յետմիջօրէի ելոյթ մը:
Մանկական այս պալէն յղացումն է եգիպտահայ արուեստագէտ-երաժիշտ Հրանդ Մինաս Քէշիշեանի, որուն յօրինումը կատարեցին եգիպտացի 39 երաժիշտներ, մաէսթրօ Մոհամէտ Սաատ Պաշայի ճիպոտին տակ:
Պալէին պատումը ներշնչուած է արաբական հին եւ դասական գիրքէն՝ «Քալիլա եւ Տումնա»էն:
Ելոյթը կը միացնէ դասական եւ արդիական տարրեր երաժշտութեան, պարադրումի (choreography) եւ տարազներու ձեւաւորումին մէջ: Ամբողջ բեմադրութիւնը աղեքսանդրիացի արուեստագէտ Ահմէտ էլ Սայէտին կը պատկանի, իսկ պարադրումը՝ Գահիրէի Օփերային պալէի եւ արդիական պարի գլխաւոր պարադիր Սալի Ահմէտին:
Գահիրէի ՀԲԸՄը եւս, որ կ’որդեգրէ եգիպտահայ արուեստագէտներ իրենց ստեղծագործական կեանքին մէջ, ունեցած է իր ներդրումը, քաջալերելով Հրանդ Քէշիշեանը եւ ֆինանսաւորելով զինք 2018 թուականի Յունուարէն Սեպտեմբեր երկարող շրջանին:
Պարոն Քէշիշեան այս առաջին բեմադրութեան համար հրաւիրուած էր Մուսքաթ: Հպարտառիթ պահ մըն էր, երբ ելոյթի վերջաւորութեան ներկաները երկարօրէն ծափահարած են յօրինողը, որ գլխաւոր մղիչ ուժը եղած է այս իրապէ՛ս յաջող եւ ամբողջովին արաբներէ կազմուած ելոյթին:
Պէտք է նշել, որ Հրանդ Քէշիշեան հեղինակ է աւելի քան 120 երաժշտական կտորներու, որոնցմէ յիշենք «Ձայներ Արեւելքէն», «Ծոյլ Կատուն», «Անիս էլ Ղալիս», բայց առաջին անգամն է, որ եգիպտահայ երաժիշտ մը կը հասնի միջազգային այսպիսի ճանաչումի:
Շնորհաւորութիւններ Հրանդ Քէշիշեանին:
The World Première of a new all-Arab ballet for children, ‘Al Hamama al Mutawwaqa’ was given at the Royal Opera House of Muscat on Friday 12th April 2019, followed by a matinée show on Saturday 13th in the afternoon.
The whole project was the brain-child of our Egyptian Armenian artist, intellectual and music composer, Hrant Minas Keshishian who composed the entire score. The ballet was accompanied live from the pit by an orchestra of 39 Egyptian musicians led by Maestro Mohamed Saad Basha.
The story is inspired by the fabulous moralistic tales of an age-old book of fables, ‘Kalila and Dimna’. The ballet mixes classical and contemporary techniques of music, choreography, set and costume design. It was directed by the visionary and highly respected Alexandrian, Ahmed El Sayed. Sally Ahmed was the chief choreographer from the Cairo Opera Ballet and Modern Dance Company.
AGBU Cairo in its quest to sponsor Egyptian Armenian artists to stand out and create, had backed Mr. Keshishian in the accomplishment of this project from January to September 2018. Mr. Keshishian was invited to Muscat to be present at the opening of this World Premier and after the show it was a great moment of pride when the crowd applauded in length the composer, the driving force behind this successful, dynamic all-Arab ballet conception.
It is to be mentioned that Hrant Keshishian has more than 120 pieces of music to his score among which: “Anis El Galees”, “Sounds from the East” and “The lazy cat”, but this is the the first time for an Egyptian Armenian composer to reach such a higher level of international recognition.