Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ի երեկոյեան Կոկանեան Սրահը լեցուն էր Տէր Յակոբ Քհնյ. Յակոբեանի ողջերթին նուիրուած ձեռնարկին մասնակիցներով: Ներկայ էին անշուշտ գաղութիս Բարեջան Առաջնորդ Աշոտ Սրբ. Եպս. Մնացականեան, Դերենիկ աբեղան եւ վարչութեան բոլոր անդամները:
Օրուան հանդիսավարուհիին՝ Կոկանեան Սրահի ատենադպրուհի Տիկ. Լալա Շամամեան-Նիկոլեանի խօսքով բացումը կատարուեցաւ այս «ընտանեկան» ընթրիքին, ուր արցունքն ու ժպիտը, տխուր խօսքերն ու ուրախ երգերը խառնուեցան իրարու:
Ներկաները անգամ մը եւս առիթը ունեցան վայելելու տէր հօր գեղեցիկ ձայնն ու զգացական երգը, յաճախ մասնակցելով անոր, մտերմիկ եւ պաշտօնականութենէ հեռու մթնոլորտի մը մէջ: Դաշնամուրի վրայ երգերուն կ’ընկերակցէր Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահարուհի տիկ. Սեւան Սեմերճեանը:
Բարի եւ կանաչ ճանապարհ սիրելի Տէր Յակոբին, որուն եւ երիցուհիին ազնուութիւնն ու բարութիւնը դեռ շատ երկար պիտի մնան եգիպտահայերուն սրտին ու հոգիին մէջ: