ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի 60 ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, մեծ պարահանդէս մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018-ին, Վէրմոնթ պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկուն՝ Գէնյընի մէջ, որուն ընթացքին եգիպտահայ երիտասարդները առիթ ունեցան ծանօթանալու սփիւռքի առաջին էսթրատային երգիչին, Ատիս Հարմանտեանին, իսկ մնացեալ ժողովուրդը ապրեցաւ իր յուշերը Ատիսի երգերուն ընդմէջէն, կրկին ապրելով անոնցմէ ծնած վայելքը:
Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը ներկաները նախ ունկնդրեցին, ապա եռանդով պարեցին Ատիսի գեղեցիկ երգերուն հնչիւններուն տակ, ի վերջոյ երգով միանալու համար անոր:
Պարահանդէսն ու Ատիս Հարմանտեանի ներկայութիւնը իրապէս հաճոյք եւ ուրախութիւն պարգեւեց ներկաներուն:
Անմոռանալի երեկոյթ: