Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ հաստատուած Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը Աստուածահիմն կառոյց մըն է, որ հաստատուած է Լուսաւորչի Աջին վրայ, որուն մէջ հաղորդուած են, անցեալին թէ այսօր, մեր հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած մարտիկները եւ հոնկէ ոյժ առնելով, գացած են նահատակութեան: Այս Տաճարը մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանող կառոյց մը եղած է, որ սերտօրէն առնչուած է մեր պատմութեան:
Այսօր Տաճարը վերանորոգման կարիք ոււնի, հիմնական վերանորոգումի մը, որովհետեւ իր քարերը պահող շաղախը արդէն անհետացած է եւ քարերը սկսած են շարժիլ, որմերը ճաք տալ, ամբողջ կառոյցը ենթարկելով փլուզումի վտանգին:
Նախ իտալացի, ապա ճաբոնցի մասնագէտներու խումբեր, Հայաստանի ճարտարապետ մասնագէտներու հետ միատեղ 2012 թուականէն նուիրուած են Տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որոնց մասին գաղափար մը տալու համար Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ի երեկոյեան Պըլըքտանեան սրահէն ներս իր խօսքը ըսաւ հիւրաբար գաղութս գտնուող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Եպս. Տէրտէրեան:
Գերաշնորհ Յովնան Սրբազանի նուիրահաւաքի շրջագայութեան մէկ հանգրուանն է Եգիպտոսը, որմէ անմիջապէս ետք պիտի այցելէ Իտալիա: Արդէն այցելութիւններ եւ դասախօսութիւններ տուած է Գանատայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Հոլանտայի եւ Աւստրալիայի թեմերուն, ինչպէս մանրամասնեց գերաշնորհ հիւրը:
Սրբազանին խօսքէն ետք ներկաները առիթ ունեցան դիտելու Շողակաթ հեռուստատեսութեան կայանի պատրաստած վերանորոգման տեսերիզներէն մէկը, որ բաւական լոյս սփռեց Տաճարի ներկայ վիճակին եւ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն մասին, որոնք իրենց մասնագիտական մակարդակով խիստ տպաւորիչ էին:
Ներկաներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին եւ յետոյ շարունակեցին իրենց հետաքրքրութեան գոհացում տալ Գերաշնորհ Սրբազանին հետ զրուցելով, փոքրիկ հիւրասիրութեան մը։