Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան 75 ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն առիթով Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած, հայրենի սիրուած երգիչ Վարդան Պատալեան ելոյթ մը ունեցաւ New Generation դպրոցի շքեղ սրահէն ներս, 29 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան:
Պատալեանէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Գահիրէի Սարտարապատ պարախումբը, որպէս պարուսոյց ունենալով հայրենի պալերինա Մարիամ Կարապետեան (որ քանի մը տարիէ ի վեր քաղաքս կ’ապրի եւ մաս կը կազմէ Գահիրէի օփերայի եւ պալէի թատրոնին, որպէս մենապարուհի):
Բացման խօսքը արտասանեց տիկին Սօսէ Պայրամեան-Կրպոյեան (անգլերէնով՝ տիկին Նորա Գոլոյեան-Քէօհնէլեան), վեր հանելով Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներուն ողջմտութիւնը, որոնց գլխաւոր նպատակը եղած է «հայ լեզուին եւ մշակոյթին ծառայել Եգիպտոսի մէջ, քաջալերելով հայ գրականութիւնն ու արուեստը, բոլոր միջոցներով»:
Ներկաները հաճոյքով դիտեցին եւ ծափերով քաջալերեցին Սարտարապատ պարախումբին մանուկ եւ պատանի անդամները եւ խորապէս լիացան Վարդան Պատալեանի երգերով: