Արաբերէն վէպ մը, Սամիր Զաքիի հեղինակութեամբ, որ վերջերս լոյս տեսած է ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին Սաթենիկ Չագըր Մշակութային Հիմնադրամին միջոցով:
1995 թուականէն սկսեալ հրատարակուող գիրքերուն հարիւրերորդն է այս վէպը, որ կը տարբերի նախորդ հրատարակութիւններէն, վէպ մը ըլլալու իրողութեամբ, մինչ նախկին հրատարակութիւնները կա՛մ պատմական, կա՛մ ուսումնասիրական հատորներ եղած են:
Վէպին ժամանակաշրջանը Մոհամէտ Ալիի իշխանութեան օրերուն է, երբ երկիրը կ’ապրէր բարգաւաճ շրջան մը, իսկ հերոսները պետական կարեւոր պաշտօնեաներ են, որոնք կը գործէին Նուպար Փաշա Նուպարեանի տնօրինութեան տակ:
Վէպը կը խօսի Նուպար Փաշայի հարուստ եւ հետաքրքրական դէպքերով լեցուն կեանքին մասին, կը ներկայացնէ մանաւանդ անոր նուաճումները, որոնք Եգիպտոսի քաղաքական կեանքը հաստատ հիմերու վրայ դրին:
Նուպար Փաշա իր կեանքէն աւելի քան վաթսուն տարիներ նուիրած է Եգիպտոսի, հաւատարմութեամբ ծառայելով այդ երկրի շահերուն, դառնալով օրինակելի պաշտօեայ մը եւ տիպար քաղաքացի մը:
Վէպը իր հետաքրքրականութեան համար թերեւս վերածուի թատրերգութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն հասցնել կարելիին չափ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Ինչպէս ըսած է ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, հայերը ապրած են Եգիպտոսի մէջ Ֆաթիմեան ժամանակաշրջանէն իսկ, երբեմն մոռցուած, յաճախ սակայն իրենց ներդրումով կարեւոր տեղ եւ դեր գրաւած երկրի կեանքին մէջ: Յարգելի ատենապետը ըսած է նաեւ, որ որ ոչ ոք կրնայ մոռնալ եգիպտացւոց դերը հայերը ընդունելու եւ տեղ տալու անոնց համիտեան ջարդերէն ետք, որոնք տեղի ունեցած են 1894-1896 թուականներուն,մինչեւ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանք եղող գաղթականութիւնը (1915), երբ Եգիպտոս իր հիւրընկալ թեւերը բացած է տարագիր հայերուն:
Մինչեւ այսօր ալ հայերը կը շարունակեն ապրիլ Եգիպտոսի մէջ, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:
ՀԲԸՄիութիւնը հիմնուած է նոյն ինքն Նուպար Փաշա Նուպարեանի որդւոյն՝ Պօղոս Փաշա Նուպարեանի կողմէ, 1906 թուականին Գահիրէի մէջ, հոգալու համար Եգիպտոս եւ այլուր ապրող հայերուն կարիքները:
Կեանքի մը մանրամասնութիւններուն եւ ճշգրիտ դէպքերու վրայ հիմնուած այս վէպը գրուած է անմիջական եւ հետաքրքրական ոճով, ինչ որ ընթերցումը շատ հաճելի կը դարձնէ, միաժամանակ պատմական առումով օգտակար դառնալով ընթերցողներուն: