«ՍՈԽԱԿՆԵՐ»
Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան եգիպտահայութիւնը առիթ ունեցաւ հանդիպելու տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելքոնեանի հետ, որ Գահիրէ կը գտնուէր հրաւէրովը Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին, այնտեղ դասախօսելու համար:
Տիկին Մելքոնեան, Պըլըքտանեան սրահէն ներս ներկայացուց իր նոր լոյս տեսած գիրքը՝ «Սոխակներ» (Nightingales), որ կը խօսի սուրիացի գաղթականներու տարբեր կացութիւններուն եւ վիճակներուն մասին, որոնք ձեւով մը արձագանգ գտած են իր՝ հեղինակին հոգիին մէջ, որպէս հայկական Ջարդէն վերապրած ծնողներու զաւակ:
Երեկոն շարունակուեցաւ Գահիրէի ՀԲԸՄի մասնաճիւղին արդէն աւանդական դարձած պարգեւատրումովը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ գերազանց աշակերտներուն, որոնք դպրոցական հանգրուան մը աւարտած էին՝ միջնակարգ, երկրորդական, համալսարանական թէ մագիստրոսական:
Նուէրներու բաշխումէն ետք, բոլոր ներկաները վայելեցին հիւրասիրոււթիւնը, շնորհաւորելով պարգեւատրուողներն ու անոնց ծնողները:
Click here for “Nightingales” lecture photo album
Click here for the bright students awards photo album.