Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, 2 Նոյեմբեր 2018-ին, Գահիրէի մէջ կայացաւ ճոխ համերգ մը, որու ընթացքին Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած աստղափոյլը եգիպտահայութեանը պարգեւեց յիշատակելի եւ խանդավառ երեկոյ մը։
Համերգը որուն համար յատուկ հրաւիրուած էին ՀՀ Վաստակաւոր Արտիստներ Մկրտիչ Մկրտչեան եւ Արսէն Գրիգորեան (Մրո), ինչպէս նաեւ սիրուած երգիչներ՝ Վարդան Բադալեան, Եւա Եկանեան եւ Դաւիթ Խաչատրեան, կայացաւ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․Աշոտ Եպս․Մնացականեանի եւ կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի։
Ուրբաթ իրիկուն, New Generation Schools-ի սրահը լեցուն էր Եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներով, որոնք հաւաքուած էին միահամուռ կերպով նշելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակը եւ վայելելու Հայաստանէն ժամանած մշակոյթի դեսպաններուն շատ սպասուած ելոյթը։
Հանդիսութիւնը հասաւ իր գագաթնակետին, երբ 5 երգիչները միասին բեմ բարձրացան, միանալով բեմ բարձրացած մանուկներուն եւ երիտասարդներուն, եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած, կատարեցին Երեւանի հիմնը՝ Էդգար Յովհաննիսեանի Երեւան – Էրեբունի երգը, որուն հանդիսատեսը նոյնպէս ձայնակցեցաւ յոտնկայս։ Իսկ երեկոն իր յաղթական աւարտը գտաւ Գուսան Հայկազունի Հայեր Միացէ՛ք երգով, որը կրկին անգամ մեծ խանդավառութիւն առաջացուց հայրենիքի կարօտ հանդիսատեսին մէջ։
Լուսածին Ղազէլեան
Click here for the Photo Album