
ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Գահիրէի Մասնաճիւղը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժեն ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան անձնուէր ` ընկերուհի Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանի տխուր եւ վաղաժամ մահը։
Անդարման է եգիպտահայ գաղութին ցաւը, կորուստը` անփոխարինելի։
Մեր սրտագին վշտակցութիւնը կը յայտնենք ննջեցեալին ամուսնոյն, քոյրերուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Կիրակի, 4 Յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք թաղումը` Հելիոպոլսոյ գերեզմանատան մէջ։
Ննջեցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Ուրբաթ, Յունիս 9-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7-10։
Խնկաբոյր աղօթքի, յաւերժ լոյսի եւ երկնային արքայութեան մէջ թող հանգչի զուլալ հոգիդ, սիրելի՜ Կասիա։
Բոլորիս սիրտերուն մէջ ես։
Երբեք պիտի չմոռնանք քեզ։