6 Յունուար 2020-ին, Հելիպոլսոյ «Պըլըքտանեան Սրահ»-ը կրկին լեցուած էր մշակութասէր հասարակութեամբ մը։ Առիթը ամենամեայ Երիտասարդական Փառատօնն էր՝ կազմակերպուած Կոկանեան Սրահի վարչութեան կողմէ։ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան կողմէ վաթսուն տարիներ առաջ նախաձեռնուած այս միջոցառումը տասնամեակներ շարունակ մէկտեղ հաւաքած է Եգիպտահայ երիտասարդութեանը կարեւոր նպատակի մը շուրջ՝ պահպանել հայ մշակոյթը։
Հինգ տարուան դադարէն ետք, այս տարի Երիտասարդական Փառատօնը կրկին նոյն նպատակը հետապնդելով համախմբած էր համայնքին երիտասարդները։ Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Եգիպտահայ հաստատութիւնները ներկայացնող տարբեր խումբեր եւ անհատներ։
Յիշատակելի է, որ ՀԲԸՄ Գահիրէ կը ներկայանար Ծիածան մանկական երգչախումբով, Կոկանեան Սրահ՝ Զանգեզուր պարախումբով եւ թատրոնով, Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութիւնը՝ Սարդարապատ պարախումբով եւ Գալուստեան Նուպարեան Ազգային Վարժարան՝ զուգերգով։ Ելոյթ ունեցան նաեւ անհատ կատարողներ՝ որոնք ներկայացան պարով, ասմունքով, երգով եւ նուագով։
Երեկոյի ամենայիշարժան դրուագներէն էր բազմավաստակ երէց տիկիններ՝ Շաքէ Երզնկացեանի եւ Նուարդ Աւագեանի պարգեւատրումը՝ իրենց երկարամեայ ազգային-համայնքային գործնէութեան եւ նուիրուածութեան համար։ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Աշոտ Եպս. Մնացականեան գնահատանքի Օրհնութեան Գիրով պարգեւատրեց տիկինները եւ բարձր գնահատեց անոնց տարիներու վաստակը։
Կ’ողջունենք Կոկանեան Սրահի այս նախաձեռնութիւնը՝ համայնքին կողմէ շատ սպասուած Փառատօնը հինգ տարուան դադարէ ետք վերականգնելու համար եւ կը մաղթենք, որ ան իր անխափան շարունակութիւնը ունենայ գալիք տարիներուն եւս։
Լուսածին Ղազըլեան