Գաղութային լուրեր: Եգիպտոսի «Կռունկ»ները

November 11, 2020

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ ՆՈՒՒՊԱՐի պարտէզներուն մէջ, Հայաստանէն Եգիպտոս հարս եկած տիկիններուն կազմակերպած պազարի ձեռնարկն էր, Արցախի վերջին պատերազմին օգնութիւն փութացնելու համար:

Պազարին բացումը կատարեց համախմբումի հիմնադիր տիկին Աննա Թրայեան, որ այսպէս սկսաւ իր խօսքը.

«Տարիներ առաջ՝ 1978 թուականին հասայ Եգիպտոս. անձրեւոտ օր մըն էր. ամուսինիս հարցուցի՝ ո՞ւր է արեւը. ըսաւ՝ արեւ մի՛շտ ունինք. 360 օր արեւ ունինք:

Իրապէ՛ս ալ այդպէս էր՝ երկիրը տաքուկ, ժողովուրդը հիւրընկալ. գաղութը հրաշալի ընտանիք մը դարձաւ ինծի համար, ու ես իմ բոյնս շինեցի հոս, այս երկնքին տակ, հայրենիքէն հեռու:

Բայց տարիներով մինակ, տարբեր կը զգայի. ինծի պէս ուրիշ մը չկար, մինչեւ ութ տարի ետք, առաջին հարսը եկաւ ու իրմէ ետք շատ հարսեր եկան:

Այսօր մենք 41 հոգի ենք, թէեւ բոլորը չեն որ Եգիպտոս  կը գտնուին այս պահուն. յաճախ կ’երթան, ետ կու գան … այս է պատճառը, որ մեր համախմբումին անունը «Կռունկ» է:

Մենք ընտրած ենք մեր ղեկավար կոմիտէն՝ Հերմինէն,Ասիան եւ Աննան:

Ամէն տարի կը հաւաքուինք, ուրախ ժամանակ կ’անցընենք, բայց միշտ կ’ըսենք՝ «Մենք ուրախ ենք, բայց եթէ մեր հայրենիքը կամ մեր գաղութը մեզի պէտք ունենայ, մենք հո՛ն պիտի ըլլանք»: Այսօր ահա այստեղ ենք: Շնորհակալ եմ ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐի վարչութեան, որ մեզի առիթ տուաւ մեր աշխատանքը այստեղ իրագործելու, հայ զինուորին համար: Քեզ համար իմ զինուոր»:

Տիկին Թրայեանէն ետք խօսք առաւ Հերմինէ Սվաճիպաշեան, որ  իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ բառերով.

«Հայ ազգը ա՛յն ազգն է, որուն համար հայրենիքը միոշտ նուիրական եղած է եւ որ իր կեանքը չի խնայեր իր հայրենիքին համար»:

Ապա Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանան իր սրտի խօսքը, մաղթանքն ու աղօթքը ըրաւ մեր հայրենիքին, սահմանին վրայ իր կեանքը նուիրաբերող մեր զինուորին համար:

Մեծաթիւ ներկաները «Կռունկ»ին հանդէպ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին գնելով պատրաստուած ձեռային աշխատանքներն ու կերակրատեսակները:

Վարձքը կատար «Կռունկ»ի ժրաջան տիկիններուն, մաղթելով որ իրենց աշխատանքը այսուհետեւ աւելի ուրախ շարժառիթներ ունենայ:

READ MORE

ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆՆ ՈՒ ԱՅՍՕՐԸ

October 10, 2020
READ MORE

Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Ա. Համաժողով

August 12, 2020
READ MORE

Completion of the project “The Armenian question in the Arab Press 1876-1923”/ «Հայկական հարցը արաբական մամուլին մէջ 1876-1923» Ծրագրի ամբողջացում

August 6, 2020
READ MORE

Նոր Հրատարակութիւն: «ՓԱՇԱՆ»

May 31, 2020