Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ի երեկոյեան Կոկանեան սրահը լեցուն էր գրասէր կոկիկ հասարակութեամբ մը, որ եկած էր ունկնդրելու եւ մասնակից դառնալու բանաստեղծական ընթերցումին:
Կոկանեան սրահի վարչութիւնը այս տարի Մայրերու Օրը տարբեր ձեւով նշելու իրապէ՛ս գնահատելի գաղափարը ունեցած էր:
Հակառակ որ կարգ մը ներկաներ խոստովանեցան, թէ վարանումով եկած էին այս ձեռնարկին, որովհետեւ ինչ որ պիտի մատուցուէր սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծութենէն նմուշներ էին, բոլորն ալ սակայն մեծ հաճոյքով հետեւեցան եւ անոնց մեծ մասը մասնակցեցաւ այդ բանաստեղծութիւններու ընթերցումին:
Տիկին Մարուշ Երամեան իւրաքանչիւր քերթուածէ առաջ հակիրճ ծանօթութիւն մը կու տար քերթուածին եւ անոր հեղինակին մասին, ինչ որ թէ՛ ընթերցումը, թէ՛ ընկալումը աւելի մատչելի կը դարձնէր: Ան ըսաւ նաեւ, թէ իւրաքանչիւր մշակութային ձեռնարկի աւարտին սրահէն պէտք է հեռանանք հոգիով եւ միտքով քիչ մը աւելի հարստացած եւ լիացած:
Օրուան հանդիսավարը՝ տիկին Լալա Շամամեան-Նիկոլեան իր գեղեցիկ խօսքով եւ ներկայութեամբ փայլք կու տար ձեռնարկին:
Ընթերցումը վերջ գտաւ Ռուբէն Սաատի եւ անոր ընկերացող փոքրիկ խումբին երգով, որ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրութեան փոքրիկ սեղաններու շուրջ հաւաքուած կը զրուցէին եւ կարծես ոչ ոք կ’ուզէր հեռանալ սրահէն:
Վարձքը կատար նման գեղեցիկ ձեռնարկ մը կազմակերպողներուն եւ իրագործողներուն: