Օգտուելով դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի քաղաքս գտնուելուն պատեհ առիթէն, Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2020-ին Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանը հանդիպում մը կազմակերպած էր անոր հետ, «Սփիւռքահայ իրավիճակներ, ազգային-մշակութային ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանում» խորագրով:
Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց եւ դասախօսին մասին մանրամասն ծանօթութիւններ տուաւ գաղութիս երէց մտաւորականներէն, Եգիպտոսի հայոց պատմութեան նուիրուած իր աշխատասիրութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով հանրածանօթ ազգային, տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, որմէ ետք դոկտ. Ճեպեճեան իր խօսքը հարցումով մը սկսաւ.
«Ի՞նչ կը հասկնանք մշակոյթ ըսելով» եւ մանրամասնօրէն խօսեցաւ նախ այդ հասկացողութեան մասին եւ ըսաւ.
«Մշակոյթը պարարուեստ, երգարուեստ, գեղարուեստ, գրականութիւն եւ այլ արուեստներ ըլլալու կողքին է՛ մանաւանդ գաղափար, կեցուածք, լեզու, վարուելակերպ եւ կազմակերպչական կառոյց»:
Ապա մանրամասնեց մշակոյթին իմաստն ու մանաւանդ դերը Սփիւռքի համար եւ բազմաթիւ օրինակներ բերելով իր ճամբորդութիւններէն, պատմեց տարբեր գաղութներու մասին, որոնք այսօր եթէ ա՛լ հայախօս չեն, բայց կը շարունակեն հայկական մնալ, իրենց հայու ինքնութիւնը խորապէս զգացող եւ ապրող հաւաքականութիւններով:
Տպաւորիչ էր մանաւանդ խօսքը Եթիվպիոյ միայն 70 անդամներ ունեցող հայ գաղութին մասին, զոր «հերոս» անուանեց, որովհետեւ այդ 70 ոչ հայախօս անդամներուն ապրումները այնքան զօրաւոր են, որ կրնան նոյնիսկ առանց կղերի պատարագ մատուցել եւ առկայծ պահել կապը իրենց արմատներուն հետ:
Դոկտ. Ճեպեճեանի դասախօսութիւնը վերջ գտաւ դրական նօթով մը, երբ թելադրեց ներկաներուն անպայմանօրէն հետեւիլ երեք ուղիներէ բաղկացած ճամբու մը, որ կրնայ ապահովել մեր գալիքը.
Ա. Պատմել ցեղասպանութիւնը ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, որովհետեւ տակաւին ամբողջ աշխարհը չէ, որ գիտէ 1915-ի արհաւիրքն ու անոր մանրամասնութիւնները.
Բ. Հպարտ ըլլալ մեր հայութեամբ՝ հայրենիքով, մշակոյթով, լեզուով, ճարտարապետութեամբ եւ արուեստներով, որոնք իրպէ՛ս գեղեցիկ են եւ տպաւորիչ.
Գ. Դրականութիւն սրսկել նոր սերունդին:
Իր խօսքը աւարտելէ ետք դոկտ. Ճեպեճեան նուիրեց իր երկրորդ գիրքը եւ մակագրեց զանոնք ներկաներուն:
Գաղութիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան փակման իր խօսքին մէջ շեշտեց՝ «եթէ ուզես, կ’ըլլայ», ակնարկելով այն իրողութեան, որ մեր ինքնութեան պահպանումը վերջին հաշուով միայն ու միայն կախեալ է մեզմէ, իւրաքանչիւրէս:
Հիւրասիրութեան շուրջ ներկաները շարունակեցին զրուցել այն էական հարցերուն շուրջ, որոնք թէեւ հմտօրէն ներկայացուեցան, սակայն յստակ պատասխաններ չունեցան, ինչպէս է պարագան գրեթէ բոլոր էական հարցադրումներուն: