Գահիրէի ՀԲԸՄի Երիտասարդ Մասնագէտներու (ԵՄ) խմբակը (AGBU YP Egypt) հանդիպում մը կազմակերպած էր Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄ ՆՈՒՊԱՐ մարզական ակումբին մէջ, մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին ներկայացնելու համար Արցախի պատմութիւնն ու այսօրուան պատերազմական իրավիճակը:
Այս ձեռնարկին համար յատկապէս հրաւիրուած էր ՀՀ Եգոպտոսի հիւպատոս տիար Ռաֆայէլ Մովսիսեանը:
Ձեռնարկին բացումը բարի գալուստի խօսքով կատարեց Ասփէ Ճիզմէճեան եւ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս մնալու, յարգելու համար մեր նորօրեայ նահատակները, որոնք իրենց մատղաշ արիւնը անսակարկօրէն կը նուիրաբերեն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր ազատ ապրելու իրաւունքին համար:
Ապա յաջորդաբար խօսեցան Սարօ Պլըքտանեան, ԱրթօՊլըքտանեան եւ Մարինա Սիմոնեան, ներկայացնելով Արցախի պատմութեան տարբեր հանգրուանները, սկսելով 331 Քա., հասնելու համար մինչեւ Արցախի այսօրուան գոյամարտը:
Ապա հրաւիրուեցաւ տիար Ռաֆայէլ Մովսիսեան, որ իր խօսքը երեք գլխաւոր մասերու բաժնած էր.
Ա. Արցախեան պատերազմին պատճառները.
Բ. Արցախի ներկայ իրավիճակը.
Գ. Արցախի կարեւորութիւնը ամբողջ հայութեան ու մանաւանդ մեր հայրենիքին համար:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Տ. Դերենիկ Աբեղայի խօսքով, որուն եռանդն ու անսասան հաւատքը մեր արդար իրաւունքին համար մղուած պայքարին եւ յաղթանակին հանդէպ վարակեցին ամբողջ ներկաները:
Ձեռնարկէն ետք բացուած փոքրիկ պազարը, որ կազմակերպուած էր ԵՄ-ուն ջանքերով, իր ամբողջ հասոյթը տրամադրած էր հիմնադրամին: Իսկ հասոյթը իրապէս աննախադէպ էր՝ ընդհանուր 55 000 ԵՈ (3500 տոլար):
Յոյժ կարեւոր եւ լուսաբանող ձեռնարկ մը, որուն համար կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները, նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք եւ կը սպասենք իրենց յաջորդ ձեռնարկներուն: